Ամերիկա Կարեւոր Կը Նկատէ Հայաստանի Հետ Գործակցութեան Ընդլայնումը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 15-ին, ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու փոխտեղակալ Ճորճ Քենթի այցելութիւնը:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ Փաշինեան ողջունեց նախարարի փոխտեղակալի Հայաստան այցելութիւնը, զայն համարելով լաւ առիթ մը երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը եւ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները քննարկելու համար:

Քենթ նշեց, որ ուրախ է այցելելու Հայաստան այն ժամանակաշրջանին, երբ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան երկրին մէջ՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ գործակցութեան ընդլայնումը:

Վարչապետը անդրադարձաւ ներհայաստանեան քաղաքական գործընթացներուն եւ նշեց, որ Հայաստան հաստատակամ կերպով յառաջ կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճամբով, «որը մեր հասարակութեան համար արտաքին քաղաքական կողմնորոշում չէ, այլ ներքին համոզմունք եւ արժէք»:

Կառավարութեան ղեկավարը խօսեցաւ նաեւ զեղծարարութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ կատարուող հետեւողական աշխատանքներուն եւ զանազան ոլորտներու մէջ նախաձեռնուած բարեփոխումներուն մասին:

Իր կարգին, Քենթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը փափաքի, որ Հայաստան յաջողութիւններ արձանագրէ ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ երկրին համար առաջնահերթ միւս ուղղութիւններով, եւ պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանի կառավարութեան՝ բարեփոխութիւններ իրականացնելու գործընթացին մէջ:

Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման, միջազգային ներկայ իրավիճակին, տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ: