Մահացած է Աշխարհահռչակ Հայ Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Աշխարհ, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան կեանքէն հեռացած է պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Daily Sabah-ը։

Աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչը ծնած է 1928 Օգոստոս 16-ին, Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։

«Սթամպուլի աչք» անունը ստացած Արա Կիւլեր բազմաթիւ մրցանակներ ու տիտղոսներ ստացած է թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ։

Կիւլեր իրականացուցած է լուսանկարչական տեղեկատւութիւններ համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքերու, ինչպէս՝ Ուինսթըն Չըրչըլի, Առնոլտ Թոյնպիի,  Պերթրանտ Ռասելի, Փիքասոյի, Սալվատոր Տալիի եւ ուրիշներու հետ: