Category: Աշխարհ
Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները Ներառուած են UNESCO-ի Յոբելինական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ
Երգահան Կոմիտասի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, Յունուար 29-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող […]
Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ
Յունուար 28-29 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձած են ոստիկանութեան բնութագրումով՝ «ատելութեան միջադէպ» յարձակումի մը, որու ընթացքին թրքական դրօշակներ […]
Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով Ընդունելութիւն Կազմակերպած է
Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Յունուար 28-ին, մասնակցած է Հայոց բանակի օրուան առիթով Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եաաուպ Սարրաֆի (Yacoub Sarraf) կազմակերպած ընդունելութեան, որուն մասնակցած են պաշտպանական գերատեսչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: […]
Թուրքիոյ Մէջ 4-րդ Դարու Բիւզանդական Խճանկարի Տարածքը Աղբավայր Դարձած է
Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Իզնիկ շրջանին մէջ, յատուկ պահպանութեան տակ առնուած 1700-ամեայ խճանկարը աղբանոցի վերածուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով diken.com.tr-ը։ Չորրորդ դարէն մեր օրեր հասած խճանկարը կը գտնուի […]
Հայ Դատի Յանձնախումբը Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Նախարար Ատրիան Տիքսի Հետ Քննարկեց Արցախի Հիմնահարցը
Յունուար 25-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան […]
ՀՀ ԱԳ Նախարարը կը Վերահաստատէ՝ ԼՂ Հիմնախնդիրը Պէտք է Լուծուի Բացառապէս Խաղաղ Ճանապարհով
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցով իր դիրքորոշումը չէ փոխած. ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի խօսքով` խնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 29-ին, […]
Պոլսահայ Գործիչ Հայկօ Պաղտատը Վիրաւորած Փրոֆէսըրին Դէմ Դատական Հայցը Մերժուած է
Թրքական դատարանը մերժած է պոլսահայ յայտնի լրագրող, գրող եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատը «սուրի աւելցուկ» անուանած թուրք փրոֆէսըրին դէմ ներկայացուած հայցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով gazeteduvar.com.tr-ը։ Նշուած հայցը դատարան […]
Փետրուար 1-ին Պիտի Կայանայ Մերքել-Փաշինեան Հանդիպումը
Գերմանիոյ Դաշնութեան վարչապետ Անկելա Մերքել, Փետրուար 1-ին, պիտի ընդունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն՝ մէջբերելով Դաշնային կառավարութեան խօսնակ Շթեֆըն Զայպըրտի խօսքերը: «Դաշնութեան վարչապետ […]
Թուրքիան Միշտ Տարած է Ահաբեկչական Գործունէութիւն եւ Առ Այսօր կը Շարունակէ Իր Ընթացքը. Նորա Արիսեան
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ 1998-ին կնքուած Ատանայի համաձայնագրին առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւններուն մասին սուրիական «Ալ Ազմինէ» ամսագրի լրագրող Մուհամմէտ Անուար Ալ-Մասրի յատուկ հարցազրոյց ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ […]
Հայ Դատը Կ՛առաջարկէ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրք Դեսպանի Նստավայրին Փողոցը Վերանուանել «Դեսպան Մորկընթաու»
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կ՛առաջարկէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնական նստավայրին փողոցը վերանուանել յայտնի իրաւապաշտպան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Հենրի Մորկընթաուի […]










