Վիլնիւսի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ Եղած է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Վիլնիւսի «Սբ. Յովհաննէս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Գիւրջիեւ» խումբին համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին, որ նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Լիթվիայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ GK դարմանատան աջակցութեամբ:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդէս գալով բացման խօսքով՝ Լիթվիայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան ներկայացուցած է «Գիւրջիեւ» խումբի անցած ստեղծագործական ուղին եւ համաշխարհային երաժշտարուեստի մէջ ունեցած ձեռքբերումները:

Անդրադառնալով ձեռնարկի խորհուրդին՝ դեսպան Մկրտչեան նշած է, որ համերգը նուիրուած է հայոց ազգային երաժշտագիտութեան հիմնադիր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, որ ընդգրկուած է նաեւ UNESCO-ի՝ Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019թթ. Օրացոյցին մէջ:

Տիգրան Մկրտչեան նշած է, որ Կոմիտասին նուիրուած ձեռնարկներ դեսպանութիւնը պիտի կազմակերպէ ամբողջ տարուան ընթացքին, եւ այս համերգներով պիտի տրուի Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն սկիզբը։

Դեսպան Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, GK դարմանատան եւ միւս գործընկերներուն՝ համերգի կազմակերպման հարցով ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ խումբի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան:

Խումբի վիլնիւսեան համերգին ընթացքին հնչած են Կոմիտասի, Գէորգի Գիւրջիեւի եւ այլոց ստեղծագործութիւններ, որոնք ներկայ աւելի քան 600 հանդիսականներուն կողմէ արժանացած են ջերմ ընդունելութեան ու բարձր գնահատանքի: Ընդհանուր առմամբ, Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս՝ «Գիւրջիեւ» խումբը պալթեան երեք երկիրներու մէջ հանդէս պիտի գայ 7 համերգային ծրագիրներով: