Զա­պէլ Ե­սա­յեան (­Յով­հան­նէ­սեան). Հայ Գրա­կա­նու­թեան Կա­նա­ցի Շուն­չին Փառքն ու Ող­բեր­գու­թիւ­նը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Պէրպէրեան

Մեր հայ­րե­րէն մե­զի ա­ւան­դո­ւած
ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րէն ա­մէ­նէն շքե­ղը, ա­մէ­նէն ի­րա­կա­նը մեր գե­ղե­ցիկ, հա­րուստ եւ
մե­ծա­վա­յե­լուչ լե­զուն է, պէտք է պահ­պա­նենք
յու­զու­մով, հրայր­քով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ:
Ես վստահ եմ, որ կը պաշտ­պա­նենք:

4 ­Փետ­րո­ւա­րի ծնունդ է տա­ղան­դա­ւոր կին գրող, այ­լեւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հո­գե­վեր­լու­ծա­կան վի­պագ­րու­թեան յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կիր ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան, որ իր մնա­յուն ու բարձ­րար­ժէք պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի հայ գրա­կա­նու­թեան վա­ւե­րա­կան մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ընտ­րո­ւած չէ խո­րագ­րա­յին բնու­թագ­րու­մը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի։ ­Հայ գրա­կա­նու­թեան կա­նա­ցի շուն­չին փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող հե­ղի­նա­կու­թիւնն է ան։
Մէկ կող­մէ ­Հայ Կ­նոջ խղճմտան­քի ձայ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թեամբ լսե­լի դար­ձաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ եւ փայլք ու փառք ա­պա­հո­վեց գրո­ղին։
Իսկ միւս կող­մէ կա­նա­ցի ինք­նա­կեդ­րո­նու­թիւ­նը, որ մարդ­կա­յին այդ ընդ­հա­նուր տկա­րու­թեան ա­մէ­նէն բուռն դրսե­ւո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ, տի­րա­կան յատ­կա­նի­շը ե­ղաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մար­դուն եւ քա­ղա­քա­ցիին՝ միան­գա­մայն պատ­ճառ դառ­նա­լով ա­նոր… ող­բեր­գու­թեան։
Հա­կի՛րճ. մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կոր­ծա­նումն ու հա­յոց նո­րաս­տեղծ պե­տա­կա­նու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մը, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը նո­ւի­րո­ւե­ցաւ աս­տու­ծոյ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ ծա­ռա­յեց կայ­սեր, ո­րուն անխ­նայ հա­րո­ւա­ծին «ար­ժա­նա­ցաւ» ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան… 1937ի ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն զոհ եր­թա­լով եւ ան­յայտ վախ­ճան մը ու­նե­նա­լով։
Զա­պէլ Ե­սա­յեան «պա­պէն ա­ւե­լի պա­պա­կան» դար­ձաւ՝ ի քա­րոզ­չու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին կար­գե­րուն։ ­Թէեւ շատ լաւ կը գի­տակ­ցէր ­Լե­նին-­Քե­մալ մեղ­սակ­ցու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դին հաս­ցո­ւած հա­րո­ւա­ծին ա­հա­ւո­րու­թեան, բայց ու­զեց հա­ւա­տալ ու հա­ւա­տաց­նել, որ «Պ­րո­մէ­թէոս ա­զա­տագ­րո­ւած» է, ինչ­պէս որ 1920ա­կան­նե­րուն իր գրած հա­մա­նուն եւ ա­նո­րակ վէ­պով ան կը պնդէր։
Զու­գա­հե­ռա­բար բաղ­դա­տա­կան նշում մը կա­տա­րե­լով կ­՛ար­ժէ ընդգ­ծել, որ ե­թէ Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց նոր մուտք կը գոր­ծէր հայ գրա­կա­նու­թեան աս­պա­րէզ եւ կեն­սա­փորձ չու­նէր, որ­պէս­զի զգու­շա­ւո­րու­թեամբ խան­դա­վա­ռո­ւէր «­Խե­լա­գա­րո­ւած ամ­բոխ­ներ»ով, ան­դին՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան բա­ւա­րար կեն­սա­փորձ ու­նէր եւ գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման իր շրջա­նը ա­ւար­տած էր ար­դէն, երբ այդ­պէս խորհր­դա­յին «ա­զա­տագ­րում»ին գով­քը սկսաւ հիւ­սել եւ, ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն, ար­ժա­նա­ցաւ չե­կիս­տա­կան «ե­րախ­տա­գի­տու­թեան», ան­յայտ կոր­սո­ւե­լով հե­ռա­ւոր ու խուլ ան­կիւն մը խորհր­դա­յին սար­սա­փի կայս­րու­թեան խա­ւա­րին մէջ։
Ա­ւե­լի՛ն. ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ե­ղաւ իր ժա­մա­նա­կի ա­րեւմ­տա­հայ ա­ռա­ջին գրողն ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը, որ փա­րի­զեան իր հան­գիստ կեանքն ու ու­նե­ցո­ւած­քը ե­տին ձգեց, իր եր­կու զա­ւակ­նե­րով 1934ին փու­թաց ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս հոն հաս­տա­տո­ւե­լու ո­րո­շու­մով, բայց միայն ե­րեք տա­րի կրցաւ վա­յե­լել բերկ­րան­քը հայ­րե­նի հո­ղին. 1937ին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ…
Այս աս­տի­ճան ող­բեր­գա­կան վախ­ճան ու­նե­ցաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։
Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սին մէջ ապ­րող ­Յով­հան­նէ­սեան­նե­րու բա­րե­կե­ցիկ յար­կին տակ ծնաւ ­Զա­պէլ։ ­Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Պոլ­սոյ «Ս. ­Խաչ» վար­ժա­րա­նին մէջ եւ 1895ին գնաց ­Փա­րիզ՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Յա­ճա­խեց ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նը, բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման տի­րա­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ եւ ու­սու­մը ա­ւար­տեց փայ­լուն ար­դիւն­քով։ ­Փա­րի­զի մէջ ալ ա­մուս­նա­ցաւ նկա­րիչ ­Տիգ­րան Ե­սա­յեա­նի հետ եւ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ստո­րագ­րու­թեամբ։
Մին­չեւ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, ­Փա­րիզ ապ­րե­լով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը լոյս ըն­ծա­յեց Ար­շակ ­Չո­պա­նեա­նի «­Ծա­ղիկ» եւ «Ա­նա­հիտ» գրա­կան հան­դէս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նի իր եր­կու ու­շագ­րաւ գոր­ծերն են «Ս­պաս­ման սրա­հին մէջ» (1903) եւ «Շ­նորհ­քով մար­դիկ» (1907) վէ­պե­րը։
Իր մշա­կո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, պարզ ու հա­ղոր­դա­կան, այ­լեւ խո­րազ­գած ո­ճով եւ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան, յատ­կա­պէս կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տագ­րու­մին առ ի պաշտ­պա­նու­թիւն խի­զախ պատ­գա­մով՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ար­դէն ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած հե­ղի­նակ էր, երբ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս եւ լծո­ւե­ցաւ գրա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։
Շռն­դա­լից ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց 1909ին լոյս տե­սած իր «­Կեղծ հան­ճար­ներ» վէ­պը, ուր անխ­նայ հեգ­նան­քի նշա­ւակ դար­ձու­ցած էր այ­լա­պէս հայ գրա­կա­նու­թեան իւ­րօ­րի­նակ ու տա­րօ­րի­նակ հսկա­նե­րէն ­Տի­րան Չ­րա­քեա­նը՝ ԻՆՏՐԱն։ Այդ շրջա­նէն իսկ զգա­լի դար­ձաւ ներ­քին հա­կա­սա­կա­նու­թիւ­նը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ԵՐԵՒՈՅ­Թին.- Որ­քան սի­րե­լի եւ հա­րա­զատ էր վի­պա­գի­րը, այն­քան յա­ւակ­նոտ եւ ինք­նա­կեդ­րոն էր մարդ-քա­ղա­քա­ցին։
1909ին, Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն ա­ռի­թով, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մաս կազ­մեց ջար­դի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու Քն­նիչ ­Յանձ­նա­խում­բին։ ­Մօ­տէն ի­րա­զեկ դար­ձաւ ոչ միայն հա­յոց ող­բեր­գու­թեան, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան մեծ տա­ռա­պան­քին թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան ներ­քեւ։ Այդ ամ­բող­ջը գրա­կա­նօ­րէն յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նեց 1911ին լոյս տե­սած իր «Ա­ւե­րակ­նե­րու մէջ» վէ­պով, որ կը նկա­տո­ւի իր կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մէ­կը։
Ե­ղեռ­նի նա­խօ­րեա­կին, ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քին եւ յատ­կա­պէս գրա­կան-մշա­կու­թա­յին մեծ զար­թօն­քին գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։ ­Գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դի յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն էր, միա­ժա­մա­նակ հան­դի­սա­ցաւ իր պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թեան՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն հաս­տա­տած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւոր պատ­գա­մա­բեր­նե­րուն ա­մէ­նէն դիւ­րա­հա­ղոր­դը եւ ժո­ղովր­դա­կա­նը։
Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խօ­րէին ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ան­ցաւ Պուլ­կա­րիա՝ խոյս տա­լով թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դում­նե­րէն։ ­Հոն­կէ՝ ­Սեւ ­Ծո­վու վրա­յով ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թէ՛ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նին կա­րե­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի խմբագ­րած «­Գործ» հան­դէ­սին։ Այդ շրջա­նին գրեց ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի սեւ-ծո­վեան հե­րո­սա­կան ճամ­բոր­դու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­վէ­պը։ 1919ին, երբ վերս­տին հաս­տա­տո­ւած էր ­Փա­րիզ, մաս կազ­մեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար գու­մա­րո­ւած խորհրդա­ժո­ղով­նե­րուն՝ հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րը յի­շեց­նե­լով եւ Ար­դա­րու­թեան մեր պա­հան­ջին ի­րա­ւա­տէր կանգ­նե­լով։
Նոյն այս շրջա­նին ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն շրջա­դար­ձը։ ­Նախ՝ ամ­բող­ջա­պէս հիաս­թա­փո­ւե­ցաւ եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թե­նէն եւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­մո­լու­թե­նէն, ինչ որ պոլ­շե­ւի­կեան «ա­րե­ւա­ծագ»ին նկատ­մամբ թիւ­րա­հա­ւա­տու­թեան մղեց զինք։ ­Բայց նաեւ թունդ դա­ւա­նա­փո­խու­թիւն ու­նե­ցաւ՝ գի­նիէն դար­ձած քա­ցա­խի պէս… ոչ միայն կռնակ դար­ձուց ե­րէ­կի իր պաշ­տա­մուն­քին ա­ռար­կան ե­ղող ար­ժէք­նե­րուն, այ­լեւ՝ կա­տա­ղի եւ մաղ­ձոտ պայ­քար բա­ցաւ ա­նոնց դէմ։ ­Միայն մէկ օ­րի­նակ տա­լու հա­մար կ­՛ար­ժէ ա­ռանձ­նաց­նել Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի նկատ­մամբ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի… «սրտա­փո­խու­թիւն»ը։ «­Հայ գրա­կա­նու­թեան թուխ Ա­րա­մազդ» հռչա­կու­մը Ա­հա­րո­նեան ստա­ցած էր նոյ­նինքն ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նէն, 1910ա­կան­նե­րուն, իսկ 1926ին — ար­դէն խորհր­դա­յին հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ա­տե­լու­թեան անձ­նա­տուր դար­ձած — ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն հեգ­նան­քի եւ ար­գա­հա­տան­քի ար­ժա­նի կը նկա­տէր ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մե­ծա­նուն եր­գի­չին։
Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հին կ­’ար­ժէ պար­բե­րա­բար՝ կրկին ու կրկին անդ­րա­դառ­նալ։ Իսկ ­Յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան է­ջով, հայ գրա­կա­նու­թեան կա­նա­ցի շուն­չին փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով, կ­þար­ժէ եզ­րա­փա­կել եր­կու խօ­սուն նշում­նե­րով։
17 ­Դեկ­տեմ­բեր 1934ին, Ե­րե­ւա­նէն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի մը մէջ, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ջեր­մա­գին կը յոր­դո­րէր այդ ժա­մա­նակ դեռ ար­տա­սահ­ման ապ­րող Ի­սա­հա­կեա­նին, որ այ­լեւս վե­րա­դառ­նայ ­Հա­յաս­տան, ուր կը կեր­տո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին լու­սա­ւոր գա­լի­քը…
Իսկ 2003ին, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի ծննդեան 135ա­մեա­կին առ­թիւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը մե­ծա­նուն հայ կին գրո­ղին նո­ւի­րո­ւած վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը, ո­րուն սկզբնա­ւո­րու­թեան կը ներ­կա­յա­ցո­ւէին ե­րե­ւա­նեան փո­ղոց­նե­րու մէջ պա­տա­հա­կան ան­ցորդ­նե­րու հետ ոտ­քի վրայ կա­տա­րո­ւած ա­րագ զրոյց­ներ՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի մա­սին ան­ցորդ­նե­րու ու­նե­ցած տե­ղե­կա­ցուա­ծու­թիւ­նը ստու­գե­լու նպա­տա­կով։
«Ազգ»ի 11 ­Մարտ 2003ի հա­մա­րին վկա­յու­թեամբ՝ ան­ցորդ­նե­րէն ոչ մէ­կուն ծա­նօթ էր… ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ա­նու­նը։
Ա­հա՛ ող­բեր­գա­կան ե­րե­սը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի փառ­քին։
Այդ բո­լո­րով ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան նո­ւա­ճեց բարձ­րա­դիր իր պա­տո­ւան­դա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու սրտին մէջ՝ ար­ժա­նա­նա­լով ­Մեծն ­Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի բա­ցար­ձակ գնա­հա­տան­քին՝
«­Մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ ա­մէ­նէն կա­նա­ցի զգայ­նու­թիւնն է ա­նի­կա.- քնքշու­թիւն, գո­րով, գութ, վա­յել­չու­թիւն եւ ճա­շակ։ Իր գոր­ծին ե­րեք մեծ կեդ­րոն­նե­րը կազ­մե­ցին ­Փա­րիզ, ­Պո­լիս, Հա­յաս­տան, ո­րոնց գոյ­նե­րը կը պա­հեն բնա­կա­նու­թիւն, որ­քան տե­ղա­կան հաս­տատ նկա­րա­գիր։ Զ. Ե­սա­յեա­նի մէջ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն սխրա­լի շնորհ­նե­րը, կա­նա­ցի զգայ­նու­թեան ա­մէ­նէն սրտա­յոյզ խռովք­նե­րը ու մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գիին ա­մէ­նէն խո­րունկ սար­սուռ­նե­րը ի­րա­րու կը միա­նան։ Ա­նի­կա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հա­ւա­սար ամ­րու­թեամբ ու ար­դա­րու­թեամբ։ ­Տի­կին Ե­սա­յեա­նի գոր­ծը ամ­բողջ մըն է։ Ա­նոր եր­կու մեծ բե­ւեռ­նե­րը՝ ան­հատ­նե­րու հո­գին եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­ւա­քա­կան զգայ­նու­թիւ­նը ընդ­միշտ նո­ւա­ճո­ւած կը մնան ան­խոր­տա­կե­լի գոր­ծե­րու մէջ։ Զ. Ե­սա­յեան ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ամ­բողջ յա­ջո­ղու­թիւնն է»։