«Արեւմտեան Հայաստան, որ Շուտով Նախկին Թուրքիա Պիտի Դառնայ». Արցախ Այցելած Իսրայէլցի Քաղաքագէտ

Աշխարհ, Հայաստան

Իսրայէլցի յայտնի քաղաքագէտ, հասարակական գործիչ Աւիկտոր Էսգինը, Դիմատետրի իր էջին վրայ ուշագրաւ գրութիւն մը ըրած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

«Արեւմտեան Հայաստան, որ շուտով նախկին Թուրքիա պիտի դառնայ»,- գրած է Էսգինը՝ անոր կից հրապարակելով այդ վայրերէն առնուած գեղեցիկ լուսանկար:

Յիշեցնենք, որ իսրայէլցի քաղաքագէտը 2017-ին այցելած էր Արցախ: Ան կարեւոր համարած էր, որ աշխարհի մէջ Արցախի մասին գիտնան ոչ միայն հակամարտութեան ծիրէն ներս, այլեւ ճանչնան իբրեւ հայ ժողովուրդի բնօրրան, պատմական, տնտեսական, զբօսաշրջային, արժէքային համակարգ ունեցող երկիր, ուր կ՝ապրի հրաշալի ժողովուրդ։ Հրէա գործիչը կոչ ըրած էր հայկական երկու պետութիւններուն մէջ հայրենադարձութեան մեծ ծրագիր կազմակերպելու: