Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Փոքրիկները Խտրականութեան եւ Ցեղապաշտութեան Թիրախ կը Դառնան

Աշխարհ

Թուրք ընդդիմադիր լրագրող Ֆիկէն Աթալայ յայտնած է, որ թրքական դպրոցներ յաճախող սուրիացի փոքրիկներուն մէջ իրականացուած է հարցում, որուն ընթացքին ի յայտ եկած են շարք մը արատաւոր երեւոյթներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով T24-ը։

Փոքրիկները խոստովանած են, որ թրքական դպրոցներու մէջ կ՝արժանանան այլատեաց եւ ցեղապաշտական վերաբերմունքի։ Հարցումներուն մասնակցած է 60 աշակերտ Պոլիս, Քլիս, Անթաքիա, Շանլըուրֆա, Ատանա, Մերսին եւ Իզմիր քաղաքներէն։

Ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ սուրիացի փոքրիկները թրքական դպրոցներու մէջ ունին մերժուածի կարգավիճակ, անոնց վերաբերեալ կը  դրսեւորուի խտրական եւ ցեղապաշտական վերաբերմունք։ Թուրք աշակերտները՝ մշակութային տարբերութիւններու պատճառով՝ իրենցմէ կը վանեն սուրիացի փոքրիկները։

Առանց հաշուի առնելու, որ անոնք սուրիացիներ են, թուրք ուսուցիչները անոնց կը գնահատեմ միեւնոյն սանդղակով, ինչպէս թուրք աշակերտները։ Այդ իսկ պատճառով՝ սուրիացի աշակերտներուն մօտ կ՝առաջանայ անվստահութեան զգացում սեփական ուժերուն նկատմամբ։