Թուրքիան Յատուկ Ջոկատայիններ Ուղարկած է Սուրիոյ Հետ Սահման

Աշխարհ

Թուրքիան կը շարունակէ զինամթերք եւ կենդանի ուժ կուտակել Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով TRT haber-ը։

Փետրուար 3 լոյս 4-ին՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ Հաթա շրջանէն Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Շանլըուրֆա նահանգ ուղարկուած է 30-էն աւելի զրահապատ մեքենայ։

Թրքական աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Շանլըուրֆա ուղարկուած են նաեւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ ծառայութիւն իրականացնող յատուկ ջոկատայիններ։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ՝ Եփրատ գետի արեւելեան հատուածին վրայ, ռազմական գործողութիւններ սկսիլ տեղի քրտական ուժերուն (YPG)-ի դէմ, որոնց կը համարէ ահաբեկչական կառոյց։