Սոֆիայի Մէջ Սպիտակի Երկրաշարժին Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպուած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սոֆիայի Կարմիր Խաչի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած է 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, որ կազմակերպուած է Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ՝ պուլղարական Կարմիր Խաչի հետ համագործակցութեամբ:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ իր խօսքին մէջ Պուլղարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է պուլկար լեռնային փրկարարներուն, որոնք երկրաշարժի երկրորդ օրը՝ 16 հոգիէ բաղկացած ջոկատ ուղարկեցին Սպիտակ՝ փլատակներուն տակէն հանելով 150 մարդ, որոնց վեցը՝ ողջ վիճակով: Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Պուլկարիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ պուլկարահայ համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ Կարմիր խաչին։ Երկրաշարժի գօտիին մէջ իրականացուած փրկարարական աշխատանքներուն մէջ ցուցաբերած խիզախութեան, երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման եւ վերականգնողական աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութեան համար պուլկարացի փրկարարներուն, ինչպէս նաեւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն յանձնուած են ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պատուոգրերը:

Պատուոգրերու յանձնման ժամանակ փրկարարներն ու պուլկարական եւ պուլկարահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները կիսուած են իրենց տպաւորութիւններով՝ վերյիշելով փրկարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներուն առնչուող առանձին դրուագներ:

Արարողութեան ընթացքին ցուցադրուած են հատուածներ երկրաշարժի օրերուն հայ նկարիչներու եւ պուլկարացի փրկարարներու կողմէ նկարահանուած փաստա-վաւերագրական ժապաւէններէ:

Ձեռնարկին մասնակցած են ՊՀ արտաքին գործոց փոխնարար Եուրի Շդերգը (Yuri Sterk), ՊՀ խորհրդարանի Պուլկարիա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի նախագահ Նիքոլայ Դիշեւը (Nikolay Tishev), ՊՀ առողջապահութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտօնեաներ, փրկարար ստորաբաժանումներու ղեկավարներ: Ներկայ եղած են նաեւ Սոֆիայի մէջ հաւատարմագրուած տարբեր երկիրներու դեսպաններ ու դիւանագէտներ, Սոֆիայի եւ Փլովտիւի հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Ձեռնարկը լուսաբանած են տասնեակէ աւելի լրատուական գործակալութիւններ, ինչպէս՝ Պուլկարական կեդրոնական հեռուստաալիքներն ու թերթերը: