Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Այցելութեամբ Մը Հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Աշխարհ

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ պատմական այցելութեամբ մը հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ան Հռոմի առաջին պապն է, որ կ՛այցելէ Արաբական թերակղզի:

Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հրաւիրուած էր Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանին կողմէ` մասնակցելու համար «Մարդկային եղբայրութիւն» միջազգային միջկրօնական խորհրդաժողովին: Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի մնայ մինչեւ 5 Փետրուար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Պապը Երեքշաբթի օր պիտի մատուցէ Ս. պատարագ մը, որուն մասնակիցներուն թիւը կը նախատեսուի, որ շուրջ 120.000 ըլլայ:

Ֆրանչիսկոս պապը Հռոմէն մեկնելէ առաջ ակնարկեց Եմէնի ժողովուրդին տառապանքին` ընդգծելով, որ այդ ժողովուրդի օգնութեան թախանձանքին ձայնը «կը բարձրանայ մինչեւ Աստուած»:

«Ժողովուրդը ուժասպառ է երկարատեւ տագնապէն, եւ բազմաթիւ մանուկներ կը տառապին անօթութենէ, սակայն չեն կրնար սննդեղէնի պահեստանոցներ հասնիլ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտած է Եմէնի տագնապը, որուն մասնակից են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ուր կը բնակին շուրջ մէկ միլիոն կաթողիկէներ, որոնց մեծամասնութիւնը Ֆիլիփեան կղզիներէն կամ Հնդկաստանէն են:

Եռօրեայ այցելութեամբ` Ապու Տապի մեկնելէ մէկ ժամ առաջ Վատիկանի մէջ կիրակնօրեայ աւանդական քարոզի ժամանակ ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր այցելութիւնը նկատեց «կարճ, սակայն կարեւոր ճամբորդութիւն»: Ապա «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Կը մեկնիմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Այդ երկիր կ՛ուղղուիմ իբրեւ եղբայր, որպէսզի միասին երկխօսութեան էջ գրենք եւ միասին անցնինք խաղաղութեան արահետներով: Աղօթեցէ՛ք ինծի համար»: