Անցեալ Տարի Արցախի Մէջ 11 %-ով Աճած են Նռենիի Մշակման Տարածքները

Այլեւայլ, Հայաստան

Անցեալ տարի դրական տեղաշարժեր արձանագրուած են Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Փետրուար 1-ին տեղի ունեցած կառավարութեան անդրանիկ նիստին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Հանրապետութեան նախագահին խօսքով՝ կարեւոր համարելով գիւղատնտեսութեան անմիջական զարգացման հայեցակարգային մօտեցումները՝ ԱՀ կառավարութիւնը իրականացուցած է շարք մը քայլեր՝ ուղղուած բուսաբուծութեան համալիր զարգացման: Մասնաւորապէս, ցանքաշրջանառութեան շնորհիւ հողի բերրիութեան աճի եւ բերքատւութեան ապահովման, կաթիլային ոռոգման համակարգերու ներդրման խթանումով պտղաբուծութեան զարգացման համար նախադրեալներու ստեղծման, ինչպէս նաեւ անասնաբուծութեան ոլորտի կանոնակարգման:

«Բուսաբուծութեան համալիր զարգացման ծրագիրներու ծիրէն ներս՝ 2018-ին շուրջ 1 միլիառ դրամի չափով պետական աջակցութեան շնորհիւ ապահովուած է կաթիլային ոռոգման համակարգերու կառուցումը 622,5 հա տարածքի վրայ, որուն 500 հա՝ այգի եւ 122,5 հա ծխախոտ եւ բանջարանոցներ: Այս ամէնը, անշուշտ, նպաստած է այգեգործութեան զարգացման: 2018-ին, 2017-ի համեմատ, աւելի քան 11 %-ով աճած են նռենիի մշակման տարածքները՝ կազմելով 1360 հա: Նուռի բերքը կազմած է աւելի քան 2600 տ՝ նախորդ տարուան նկատմամբ ապահովելով 80% աճ: Այդ ծրագիրը պիտի իրականացուի նաեւ այս տարի: Ոլորտի պատասխանատուները, իրականացնելով անհրաժեշտ աշխատանքներ, պէտք է ցուցաբերեն հոգատար մօտեցում եւ անվերապահօրէն ապահովեն յատկացուելիք միջոցներու նպատակային եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը, որ թոյլ պիտի տայ ներկայ 1000 հա-ի դիմաց տարեվերջին ունենալ աւելի քան 1400 հա կաթիլային համակարգով ոռոգովի այգիներ»,- մասնաւորապէս ըսած է Բ. Սահակեան: