Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեամբ Տեղի Ունեցած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի Թեմի Նորակառոյց Առաջնորդարանին Բացումը

Հայաստան, Սփիւռք

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի հայոց թեմի նորակառոյց առաջնորդարանի բացման արարողութիւնը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «Հրաշափառով» ուղղուած է դէպի առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքը, ուր անոր սպասած են պետական այրեր, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ Եկեղեցւոյ բարերարներ եւ բազում այլ հաւատաւոր հայորդիներ:

Վեհափառ Հայրապետը՝ Հայկազուն Սրբազանի եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ տիար Սարգիս Տէր-Պետրոսեանի հետ միասին՝ կատարած է առաջնորդարանի յուշաքարին բացումը եւ հատած մուտքի ժապաւէնը` ազդարարելով առաջնորդարանի պաշտօնական բացումը:

Տօնական այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղած է ներկաներուն` գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ պարգեւած է շնորհը ուրախակից ըլլալու հայ համայնքին նորակառոյց առաջնորդարանի բացման հանդիսութեան, որ պիտի ծառայէ աւստրալիաբնակ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի պայծառութեան: