Լաթվիայի Մէջ Յովհաննէս Թումանեանի Հեքիաթներու Ժողովածուն Տպուած է

Լաթվիայի մէջ տպուած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու ժողովածուն: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան: «Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Լաթվիայի մէջ վերջապէս տպուեցաւ […]

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Ցեղասպանական Արարքները Դատապարտելու Կոչ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդէն

17-18 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր տարեկան ժողովին ընթացքին Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) սերտեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին վրայ թրքական բանակի միակողմանի յարձակումը եւ անոր ահաւոր հետեւանքը շրջանի բնակիչներուն վրայ։ Ժողովի […]

Հայաստանի Հետ Արդիւնաւէտ Գործակցութեան Միջոցներ. Լեւոն Զաքի Ետալեան

Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան յայտնեց, որ Խորհուրդը իր կարելին ի գործ կը դնէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական փոխանակումներն ու գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու համար, ինչ որ իր […]

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Յառաջիկայ Շաբաթ Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան դնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը։ […]

Փաշինեան Փութինի Հետ Արծարծած Է Սուրիահայութեան Ապահովութեան Հարցը

Հայաստան կը շարունակէ հետեւիլ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ տակաւին  մարդասիրական առաքելութիւն կը կատարէ այնտեղ։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցով […]

Յունաց Ազգային Տօնին Առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներու Տողանցքներ

Կը տեղեկացնենք, թէ Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2019-ին յունաց ազգային տօնին առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղերու խումբերը պիտի տողանցեն Նէա Զմիռնիի եւ Նիքէայի մէջ հետեւեալ կերպով՝ Աթէնքի մասնաճիւղ՝ Նէա Զմիռնիի […]

Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի Մէջ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին Պիտի Մասնակցի

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 25-ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն: Մոսկուայի մէջ ՀՀ վարչապետը պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան […]

Սփիւռքի Յանձնակատարը Ֆրանսայէն Կը Պահանջէ Ապահովել Հայկական Հաստատութիւններուն Մէջ Անվտանգութիւնը

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Ֆրանսայի իշխանութիւններէն կը պահանջէ յաւուր պատշաճի անվտանգութիւն ապահովել ֆրանսահայ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններուն համար։ Այս մասին ան գրած է Facebook-ի իր էջին՝ անդրադառնալով Սեւրի Մխիթարեան […]

Եւրոխորհրդարանին Մէջ Իտալացի Պատգամաւորը Ցուցադրաբար Գետին Նետած է Թրքական Տուրմի Տուփը

Իտալիոյ խորհրդարանի աջակողմեան կուսակցութեան պատգամաւոր Անճելօ Չիոքան Եւրոխորհրդարանի (ԵԽ) արտահերթ նիստի տեղի ունեցած ելոյթի ժամանակ դատապարտած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի մէջ թրքական զինուժի «Խաղաղութեան աղբիւր» ռազմական գործողութիւնը:  Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am կայքը: […]

Քաթալոնական Սանթ Հիլըրի Սագալմ Քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Քաթալոնական Սանթ Հիլըրի Սագալմ քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը: «Քաղաքային խորհուրդին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրանքով դիմած էր Քաթալոնիոյ «Արարատ» հայկական միութիւնը»,- կը տեղեկացնեն […]