Մինչ Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Լիբանանի Կառավարութիւնը Վաւերացուց Տնտեսական Բարեկարգումներու Փաստաթուղթը

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններուն մէջ իրենց հաւաքավայրերը` պահանջելով ներկայ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ […]

«Կովկասի Զարդ». Irish Examiner-ը՝ Հայաստանի Զբօսաշրջային Գրաւչութեան Մասին

Ryan-air իրլանտական ճամբորդական ընկերութեան Հայաստանի ճամբորդական շուկայ մուտք գործելուն առիթով իրլանտական Irish Examiner պարբերականը ներկայացուցած է Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը: Պարբերականը Հայաստանը բնութագրած է իբրեւ «Կովկասի զարդ», կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը: Պարբերականը […]

«Nouvelles d’Arménie»-ի Վրայ Յարձակում

«Օրեր» պարբերաթերթը, վկայակոչելով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, թէ Փարիզի մէջ յարձակում կատարուած է «Նուվել Տ՛Արմենի» հայկական պարբերականի գրասենեակին վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը դատապարտած է խօսքի […]

Հայ Դատը Կը Շեշտէ Ամերիկա-Հայաստան Յարաբերութեանց Սերտացման Կարեւորութիւնը

Հայաստանի մէջ բարեկարգումներու նուիրուած՝ «Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողով»-ին (որ ծանօթ է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հելսինքիի յանձնաժողով անունով) քննարկումներու նախօրեակին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յանձնաժողովին ներկայացուց զեկուցում մը, որուն […]

Թրամփի Խորհրդականները Առաջարկեցին Թուրքիոյ Սպառնալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները անոր առաջարկեցին քանի մը տարբերակներ, որպէսզի ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հեռացնելու Թրամփի մտադրութիւնը իրականացուի առանց արտօնելու Թուրքիոյ, որ ներխուժէ Սուրիա: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”։ […]

Աննախընթաց Տարողութեամբ Ցոյցեր՝ Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի տարբեր քաղաքներու մէջ կը շարունակուին լայնածաւալ ցոյցերը, որոնք կը համարուի երկրի պատմութեան մէջ արտակարգ եւ աննախընթաց երեւոյթ։ Ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ: Չորրորդ օրն ըլլալով լիբանանցիները փակ պահեցին […]

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները Ոչ Այլ Ինչ Են, Քան Տեղահանութիւն Եւ Ցեղասպանութեան Փորձ․ Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին խօսած է Սուրիոյ հիւսիսի մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող զինուորական գործողութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի աքիթ» լրատուական կայքը: Փայլան […]

Սուրիոյ Մէջ Հայկական Առաքելութեան Խումբը Հալէպի Զինուորական Հիւանդանոցին Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած է

Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ` Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Զինուորական հիւանդանոցին փոխանցուած են բժշկական պարագաներ, կը յայտնեն մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն: Սուրիական […]

ԱՄՆ Սուրիոյ Գծով Համաձայնած է Թուրքիոյ Ներկայացուցած Պայմաններուն. Չաւուշօղլու

Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ գծով տեղի ունեցած բանակցութիւններուն համաձայնած է Թուրքիոյ ներկայացուցած պայմաններուն, որ  քրտական զօրամիաւորումները պէտք է մնան առանց ծանր զինուորական սարքերու. կը հաղորդէ «Երկիր»-ը՝ վկայակոչելով «Ինթըրֆաքս»-ին: «Անվտանգութեան գօտին, որ […]

Հայաստան Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի Անդամ

193 երկիրներու քուէարկութեամբ Հայաստան 144 ձայնով ընտրուեցաւ ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամ 2020-2022 թուականներու համար, կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը: Հայաստանը յանձնառու է աշխատելու եւ համագործակցելու բոլոր գործընկերներուն հետ մարդու […]