ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Կրնայ Շղթայական Ազդեցութիւն Ունենալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւին ընդունումը պատմական ու շատ կարեւոր քայլ է: Armenpress.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին՝ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան նշած է, որ այս քայլը կրնայ շղթայական ազդեցութիւն ունենալ միւս պետութիւններու պարագային: Ան համոզուած է, որ այլ պետութիւններ եւս պիտի սկսին քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իրենց խորհրդարաններուն մէջ: Գաղտնիք չէ, որ ԱՄՆ-ն մեծ ազդեցութիւն ունի աշխարհի մէջ:

«Այստեղ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ ԱՄՆ նախագահը չմիջամտեց, չփորձեց գործընթացը կասեցնել: Մինչեւ հիմա կը տեսնէինք, որ նման դէպքեր եղած են: Ասիկա կը նշանակէ, որ ամերիկեան քաղաքական դասը եկած է համաձայնութեան այս հարցին շուրջ: Սկիզբէն գիտէինք, որ հանրապետականները դէմ էին, որ հարցը օրակարգ մտնէ, յետոյ չկրցան կանգնեցնել, այնուհետեւ անոնք ալ կողմ քուէարկեցին»,- ըսած է Ռուբէն Սաֆրաստեան:

Ինչի՞ հետ կապուած՝ այս փուլին ԱՄՆ իշխանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բերաւ օրակարգ, աւելին՝ եղաւ քաղաքական համաձայնութիւն,  հարցին ի պատասխան, Ռուբէն Սաֆրաստեան նշած է, որ խնդիրը ակնյայտ դժգոհութիւնն է Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան նկատմամբ:

«Ամերիկեան քաղաքական դասին մօտ կայ մեծ հիասթափութիւն Թուրքիոյ քաղաքականութեան նկատմամբ՝ կապուած մերձաւորարեւելեան զարգացումներուն հետ: Թուրքիոյ գործողութիւնները կը դիտարկուին իբրեւ դաւաճանութիւն դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ: Կը կարծեմ, որ այդ պատճառով ԱՄՆ քաղաքական դասին մօտ ցանկութիւն առաջացած է պատժել Թուրքիան, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձած է այդ պատժամիջոցներէն մէկը»,- ըսած է  Ռուբէն Սաֆրաստեան: