Իրանի Մշակութային Ժառանգութեան, Ձեռարուեստի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարի Այցը Նոր Ջուղա

Երկուշաբթի՝ 3 Փետրուարի կէսօրին, ներկայութեամբ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարար դոկտ. Մունեսանի, Սպահանի նահանգապետ Աբբաս Ռեզայիի, Մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան Սպահանի գերատեսչութեան տնօրէն պրն. Ալլահեարիի, շարք […]

Հայկական Պատուիրակութիւնը ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պաքուի Ջարդերուն Վերաբերեալ Գրաւոր Յայտարարութիւն Տարածած է

Հայկական պատուիրակութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին տարածած է Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւն, որուն միացած են (ստորագրած են) ԵԽԽՎ շարք մը  պատգամաւորներ՝ տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր քաղաքական […]

Թուրքիոյ Հայ Համայնքը Նման է Սառցաբեկորի, Որ Կը Հալի 82 Միլիոնանոց Ծովուն Մէջ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք

Թրքական «Hurriyet» իշխանամէտ թերթը լոյս ընծայած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ իրականացուած ծաւալուն հարցազրոյցին 2-րդ մասը: Ermenihaber.am-ը կը ներկայացնէ հարցազրոյցի 2-րդ մասին առաւել ուշագրաւ հատուածները. – Ըստ […]

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի «Haytadology» Դասընթացը

Անցնող շաբաթավերջին, հակառակ Աւտրիոյ գաղութին փոքրաթիւ ծաւալին, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն աւելի քան յիսուն երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ Դասընթացքին, որ կը կրէր «Haytadology» խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած […]

Հայաստանը Աշխարհի Ամենաարագ Աճող Զբօսաշրջային Ուղղութիւններէն է․ UNWTO

Հայաստանը դարձած է աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջական ուղղութիւններէն մէկը՝ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն։ Վկայակոչելով UNWTO-ի «Զբօսաշրջային ծանրաչափ»-ի տուեալները՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ՝ թէ ամենաարագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին Հայաստանը 12-րդն է՝  14․4 […]

Տիարպեքիրի Սուր Շրջանի Պատմական Շէնքերը Ոչնչացուած են

Տիարպեքիրի Ճարտարապետներու պալատը եւ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններ մտած եւ ուսումնասիրած են Տիարպեքիրի Սուրի չորս թաղամասերը, որոնք 4 տարիէն ի վեր արգիլուած են եւ այնտեղ կարելի է մուտք գործել միայն յատուկ […]

Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Սահմանադրական Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին Գծով Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ` ընդգծելով դատաւորներու կանուխ կենսաթոշակի անցնելու կամաւորութեան սկզբունքի պահպանումը: Ան կոչ ուղղած է թեթեւցնելու լարուածութիւնն ու […]

Արցախի Մէջ Կաւագործութեան Երրորդ Միջազգային Կոչունքը Պիտի Իրականացուի

Յունիս 20-Յուլիս 6 երկարող ժամանակահատուածին՝ Արցախի մէջ երրորդ անգամ պիտի իրականացուի «Բրուտարդ» կաւագործութեան միջազգային կոչունքը (symposium), որ կը կազմակերպուի «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղի եւ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ […]

Մենք Կ՝ակնկալենք, որ Մարդիկ Հասկնան Հայ Ժողովուրդի Կորուստները եւ Տառապանքը. Մաշալեան

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Hurriyet» իշխանամէտ պարբերականին: Ermenihaber-ի տեղեկութիւններով՝ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան: Թերթի լրագրողը Մաշալեանէն հետաքրքրուած է, թէ արդեօք […]

Էրտողան Արձագանգած է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Մասին Մաքրոնի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունելու վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան: Թուրքիոյ նախագահը, հերթական անգամ փորձելով ցոյց տալ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ […]