Հայկական Մարդասիրական Խումբը Մէկ Տարուան Ընթացքին Սուրիոյ Մէջ Ականազերծած 126,000 քմ. Տարածք

ՀՀ մարդասիրական խումբը մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ Սուրիոյ մէջ։ 8 Փետրուար 2019-էն մինչեւ 8 Փետրուար 2020 ականազերծողները մաքրած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք, որմէ մօտաւորապէս 91,000 մեթր […]

Հայ Թագուհիի Մասին Վրացական Ստեղծագործութիւնը Թրքերէնի Թարգմանուած է

Վրացական գրականութեան ամենահին ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Սուրբ Շուշանիկ թագուհիի նահատակութիւնը» ստեղծագործութիւնը թարգմանուած է թրքերէնի եւ հրատարակուած է թրքական Otello հրատարակչութեան կողմէ։ Ըստ Yerkir.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Sputnik-Georgia-ն: Ստեղծագործութիւնը, որ վարքագրական […]

Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ Ընթացք Առաւ Հայերէնի Ուսուցման Ծրագիրը

Փետրուար 1-ին, Հալէպի Պետական Համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանէն ներս սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիրը: Դասաւանդութիւնը կը վարէ Համազգայինի Հայագիտական Հալէպի Հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան: Ծրագրի առաջին փուլին կը մասնակցին աւելի քան […]

Քոնկրեսականները Հայաստանի Եւ Արցախի Աջակցութեանց Ի Նպաստ Քուէարկելու Մղելու Կոչ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ մղելու համար զանոնք զօրակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ամերիկեան աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկներուն։ Հայ Դատը […]

ԵԽ-ի Մէջ Տեղի Ունեցած է Պաքուի Հայերու Ջարդերու Տարելիցին Նուիրուած Խորհրդաժողով

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Գոսդաս Մաւրիտես, Փետրուար 5-ին, հիւրընկալած է «Մոռցուած փախստականները. ի՞նչ պատահեցաւ Պաքուի հայերուն հետ» խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը համատեղ կազմակերպած էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ ԵՄ-ի մէջ ՀՀ […]

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է Հայ Պատմաբանի «Մութ Մնացած Գործիչ Մը՝ Երիտթուրք Կոմունիստ Սալիհ Զեքին (Գուշարգովը)» Վերնագիրով Գիրքը

Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ հասարակական եւ պատմական ուսումնասիրութիւններու հիմնադրամին կողմէ, տպագրուած է հայ պատմաբան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ․ Արսէն Աւագեանի «Մութ մնացած գործիչ մը՝ երիտթուրք կոմունիստ Սալիհ Զեքին (Գուշարգովը)» մենագրութիւնը։ Այս […]

Արցախի ՄԻՊ-ը Արձագանգած է Ատրպէյճանի ԿԸՅ-ի Յայտարարութեան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքների պաշտպան Արտակ Բեգլարեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի այն յայտարարութեան, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ «Ատրպէյճանի […]

Անհրաժեշտ է Ճանչնալ Պաքուի եւ Սումգայիթի Մէջ Հայերի Ցեղասպանութիւնը․ Քերոլայն Քոքս

Հայերու ցեղասպանութիւն իրականացած է Պաքուի, Սումգայիթի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ անիկա պէտք է ճանչնալ, որպէսզի նման բանը անպատիժ չշարունակուի։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը՝ ելոյթ […]

Սուրիոյ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգը Վար Առաւ Դամասկոսի Ուղղութեամբ Արձակուած Հրթիռները

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի կէս գիշերին, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգը վար առաւ Դամասկոս ուղղուած մէկէ աւելի հրթիռներ։ Զինուորական աղբիւրներ յայտնեցին, որ հրթիռարձակումը տեղի ունեցած է Իսրայէլի բռնագրաւած Կոլանի տարածքէն։  

Սուրիոյ Սարաքէպի Մարտերուն Ընթացքին Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած է

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Սարաքէպի գիւղերուն մէջ սուրիական բանակին մղած մարտներուն ընթացքին նահատակուած է 1988-ի ծնունդ հայ զինուոր Ժան Գաթանճեանը։ «Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ նահատակ զինուորին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հալէպի հայ կաթողիկէ […]