ՀՀ-ի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը Այսօրուան Ահաբեկիչները Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրագործածներու Յետնորդ Կը Համարէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մհամմէտ Հաճ Իպրահիմ այսօր Սուրիոյ տարածքին գործող ահաբեկիչները կը  համարէ հայերու եւ միւս ժողովուրդներու նկատմամբ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան կողմէն կազմակերպուած ցեղասպանութիւնը իրագործածներու յետնորդը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, դեսպանը յայտնած է Փետրուար 13-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին:

«Այսօր ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք սարսափելի արարքներ կ՝իրականացնեն Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, թոռներն են անոնց, որոնք ժամանակին ցեղասպանութիւն իրագործեցին հայերու եւ միւսներու դէմ: Հայերը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հասան Սուրիա, կազմեցին սուրիական հասարակութեան անքակտելի մասը, անոնք իրենց կեանքը այնտեղ ապահով շարունակեցին՝ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը, կրօնը, յաճախելով հայկական դպրոցներ: Բազմաթիւ եկեղեցիներ կան, որոնք կը յաւերժացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, ամենակարեւորը Տէր Զօրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եկեղեցին է, Հալէպի մէջ 40 Մանկանց եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայոց Զոհերու հրապարակը: Այս տարի Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր»,- ըսած է դեսպանը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման, դեսպանը նշած է, որ Սուրիան միշտ յիշատակած է հայերու նկատմամբ տեղի ունեցած ջարդերու զոհերուն յիշատակը:

«Այս հարցը ուսումնասիրուած է երկար ժամանակ առաջ, եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը ամենայն յարգանքով վերաբերած է այն սուրիացիներուն, որոնք հայկական արմատներ ունին: Անոնք միշտ եղած են սուրիական հասարակութեան անքակտելի մասը: Հայոց ջարդերը միշտ յիշատակուած են Սուրիոյ մէջ՝ այն ձեռնարկներուն միջոցով, որոնք տեղի ունեցած են հայաբնակ շրջաններու մէջ»,- նշած է Մհամմէտ Հաճ Իպրահիմ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանը այսօր միաձայն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: