ՀՀ Վարչապետի Աշխատանքային Այցը Գերմանիա Կը Շարունակուի

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիա գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցին երկրորդ օրը կը շարունակուի Պեռլինի մէջ, այնուհետեւ՝ Միւնիխի։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ օրը կը սկսի տնտեսական քննարկումներով։ Առաւօտեան Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Գերմանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատ, ուր նախատեսուած է աշխատանքային ճաշ։

Հանդիպման հայկական կողմէն կը մասնակցին ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան, ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան, ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Ռուբինեան, ՀՀ վարչապետի օգնական Հրաչեայ Թաշչեան։ Գերմանական կողմէն կը մասնակցին Գերմանիոյ տնտեսութեան եւ ուժանիւթի դաշնային պետքարտուղար Թոմաս Պարայս, Գերմանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործադիր տնօրէն, արտաքին տնտեսական հարցերով խորհուրդի նախագահ Ֆոլքեր Թրայեր, Դաշնային վարչապետի աշխատակազմի արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան, երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Ռալֆ Պէոհմէ, Խորհրդարանի պատգամաւոր, գերմանահայկական համաժողովի նախագահ Ալպերթ Վայլեր։

Տնտեսական օրակարգային հարցերը քննարկելէ ետք՝ վարչապետ Փաշինեան պիտի այցելէ Քրիստոնէադեմոկրատական կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակ։ Այնտեղ կը նախատեսուի հանդիպում կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փաուլ Ցիմիաքի հետ։ Օրուան երկրորդ կիսուն Նիկոլ Փաշինեան իր աշխատանքային այցը պիտի շարունակէ Միւնիխի մէջ, ուր ներկայ պիտի ըլլայ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեան։ Միւնիխի մէջ վարչապետ Փաշինեանի օրակարգը յագեցած է երկկողմ հանդիպումներով։ Մասնաւորապէս նախատեսուած է հանդիպում Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի, ԵՄ պիւտճէի եւ կառավարման յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ։ Օրուան աւարտին վարչապետը պիտի այցելէ «Giesecke+Dervien» ընկերութեան կեդրոնակայան, ուր պիտի հանդիպի ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ռալֆ Վինթերկերսթի հետ։