ՀԵԴ-ականները Քալիֆորնիոյ Մէջ Ցոյց Կատարեցին «Երիտասարդ Թուրքերը» Յայտագիրին Դէմ

Աշխարհ, Սփիւռք

ՀԵԴ-ականները, Քալիֆորնիոյ Մէջ, բողոքի ցոյց մը կատարեցին «Երիտասարդ թուրքերը» անուով յայտագիրին գրասենակին առջեւ, պահանջելով անոր պատասխանատուներէն, որ փոխեն հայութեան համար վիրաւորական նկատուող այդ անունը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Լրատուական եւ վերլուծական յայտագիրը, որ իր արտադրողներուն կողմէ «յառաջդիմական» կը նկատուի, կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած քաղաքական կուսակցութեան անունը։

ՀԵԴ-ականները իրենց պաստառներուն վրայ գրած էին՝ «Երիտասարդ թուրքերը ցեղասպան են», «Դուն քեզ յառաջդիմական կը նկատես, իսկ ես՝ բռնարար» եւ այլ լօզունգներ։

0000YT AYF Demo1