Սուրիոյ Պատգամաւորները Բուռն ու Յոտնկայս Ծափողջիւններով Ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը. Նորա Արիսեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Սուրիոյ խորհրդարանը, որ այսօր՝ Փետրուար 13-ին, միաձայն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը, կոչ ըրած է աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ հետեւելու իր օրինակին:

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, բանաձեւի ընդունման նախաձեռնող Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի անդամ Նորա Արիսեան՝ ներկայացնելով բանաձեւին մանրամասները, կը նշէ, որ փաստաթուղթին մէջ յստակ օգտագործուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը եւ զայն դատապարտելու, ճանչնալու հանգամանքը:

«Խորհրդարանը կը դատապարտէ ցեղասպանութեան ուրացման եւ պատմութեան նենգափոխման իւրաքանչիւր փորձ եւ կը հաստատէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործադրուած ամենադաժան ոճիրն է։ Խորհրդարանը կը կիսէ բարեկամ հայ ժողովուրդին ցաւը»,- նշուած է բանաձեւին մէջ:

Նորա Արիսեան շեշտած է, որ խորհրդարանի պատգամաւորները բուռն ու յոտնկայս ծափողջիւններով ողջունած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանի գործընկերներուն, որոնք չորս տարուան խորհրդարանական աշխատանքի ընթացքին զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերած են Հայ Դատի հարցերուն ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին:

«Խորին շորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ալ Ասատին, իր ցուցաբերած անսահման վստահութեան, ինչպէս նաեւ զօրաւոր հաւատին՝ մարդկային իրաւունքի արժէքներու, մարդկային արդարութեան, բարութեան նկատմամբ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքները պաշտպանելուն համար»,- ընդգծած է հայ պատգամաւորը: