Մեր Ճակատագրերը Նոյնական Են. Շնորհակալութեան Երթ եւ Տօնական Ընդունելութիւն ՀՀ-ն Մէջ Սուրիոյ Դեսպանատան Մէջ (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ երախտիքի երթ, Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման առիթով։ Երթը իրականացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ մասնակուցթեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայաստան գտնուող սուրիահայերու ու սուրիացի քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երախտապարտ քաղաքացիներու։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Երթին մասնակիցները, բարձրացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած երկիրներու, ի թիւս անոնց՝ Սուրիոյ դրօշակը եւ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի փողերախումբերու նուագակցութեամբ, մուտք գործեցին դեսպանատուն, ուր զիրենք դիմաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ։

«Սուրիոյ ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն ոչ միայն իր յարկին տակ ընդունեց մազապուրծ հայութեան բեկորները, այլեւ հնարաւորութիւն տուաւ, որ արմատներ նետեն, ապրին, սերունդեր տան եւ այսօր ալ հպարտանան թէ՛ Սուրիայով, թէ՛, իբրեւ հայեր, իրենց ծագումով»,- դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին իր ելոյթին մէջ նշեց ՀՅԴ ՀԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն,  երկրի խորհրդարանի բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք նախաձեռնեցին եւ իրականացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:

ԳՄ անդամը՝ ծափահարութիւններու ներքոյ՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին, որ ոչ միայն արժեւորած է ազգային փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները եւ իր կամքով ու վճռականութեամբ ստեղծած հայութեան բարեկեցութեան ապահովման, ընդելուզման պայմաններ, այլեւ այս ծանր փուլին, երբ Սուրիան կը դիմագրաւէ շարք մը ծայրայեղ ծանր մարտահրաւէրներ, կը պայքարի պետութիւններու՝ ցեղասպանութեան տարրեր պարունակող վարքագծի դէմ, կը կարենայ այսպիսի կարեւոր ուղերձներով հաստատել մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներու յարատեւ ապրելու, գոյատեւելու եւ սեփական պետականութիւնը ունենալու վճռականութիւնը:

Երախտագիտութեան խօսքեր արտասանեցին նաեւ Սուրիոյ Ուսանողական Միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ատենապետ բժ. Շուշան Հալլաճեան եւ Հայաստանի մէջ սուրիական համայնքի պատասխանատու բժ. Ճորճ Բարսեղեան։

Տօնական ընդունելութեան խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմէտ Հաճ Իպրահիմ: Ողջունելով հայութեան ներկայացուցիչները ՀՀ-ի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նստավայրէն ներս՝ դեսպանը նշեց, որ մեծ պատիւ է հայութիւնը ունենալ Սուրիոյ ժողովուրդի, ուժեղ Սուրիոյ կողքին՝ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատի գլխաւորութեամբ:

«Սուրիան իր դռները բացաւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներուն առջեւ, այն ցեղասպանութեան, որ կատարուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, եւ նոյնը կը կատարուի այսօր՝ իրենց ժառանգորդ Թուրքիոյ պետութեան կողմէն»,- փաստեց դեսպանը՝ աւելցնելով, թէ հպարտ է, որ Սուրիոյ ժողովրդական ժողովը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, դատապարտող եւ պատմական ճշմարտութիւնը վեր հանող բանաձեւը:

«Հայ ժողովուրդը կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ յաղթահարել ցեղասպանութիւնը, որ կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Սուրիոյ հողերուն վրայ»,- ըսաւ դեսպանը։