Լիբանանահայութիւնը Փառաւոր Մթնոլորտի Մէջ Ոգեկոչեց Կոմիտասի Երաժշտական Եզակի Աւանդը

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

«Ուսուցիչներ, դաստիարակներ զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին, խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը, դաստիարակելու կոչուած ենք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակենք վերջը» Կոմիտասի այս խօսքը մէջբերելով ձեռնարկի հանդիսավար Կարէն Արաբկիրեան ողջունեց ներկաները նշելով, որ  «Կոմիտասի այս խօսքերով մեծ պատասխանատուութեան դիմաց կը կանգնինք բոլորս»:

Օրուան բանախօսն էր Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Կոմիտասի մշակութային ստեղծագործական աւանդին վարկն ու պատգամը հայութեան:

«Հաւաքուած ենք փոքրածաւալ հրատարակութեան մը շնորհահանդէսին առիթով, խօսելու եւ մտածելու մեծածաւալ կարեւորութիւն ներկայացնող աշխատանքի մը մասին: Բայց մանաւանդ` կարելի եղածին չափ արդար եւ մասնագիտական մօտեցումով անդրադառնալու սոյն աշխատանքին առանցքը հանդիսացող մեծանուն եւ մեծարժէք Կոմիտասի ներկայութեան անհրաժեշտութեանը` մեր առօրեայ կեանքէն ներս» ըսաւ Շաղիկ Խիւտավերտեան: Ապա ան անդրադարձաւ երաժշտութեան ունեցած դերին մարդ անհատի կազմաւորման գործընթացին մէջ, յատկապէս` բնախօսական, հոգեբանական եւ ընկերային առումով: Խիւտավերտեան թուեց նաեւ ազգային ինքնութեան չորս չափորոշիչները` Ճանաչողութիւն` ուրոյն մշակոյթի, արժեւորում եւ դրական զգացողութիւն` այդ ինքնութեան, կապուածութիւն  եւ չորրորդ` գործի լծուելու եւ հաւաքական կեանքի մասնակցելու պատրաստակամութիւն:

Խիւտավերտեան կեդրոնացաւ նաեւ ազգային երաժշտութեան դերին ու այս գծով Կոմիտասի դերին եւ ըսաւ. «Ազգային երաժշտութիւնը ազգի ներքին կապերը կ՛ամրապնդէ, կը հաստատէ զանոնք ամրօրէն, եւ միաժամանակ այլ ազգերու երաժշտութիւններէն զանազանուելով, սահմանագիծեր կը ճշդէ, ուրո՛յնը ունենալու, զայն պահելու եւ վայելելու առաջադրանքով, այս մէկն է, որ անվիճելիօրէն կը կատարէ Կոմիտաս, որ իր ստեղծագործական եւ գիտական գործունէութեամբ, նոր էջ բացաւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ համախմբեց բոլորս իր պատմամշակութային յայտնագործութիւններով: Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը կը հանդիսանայ մշակութային այն կռուանը, որուն վրայ կու գայ ամրանալու պատմական մեր յիշողութիւնը, բայց նաեւ մեր ազգային կորուստը վերագտնելու բաղձանքը, եւ անոր տէր կանգնելու վճռակամութիւնը: Մեր հաւաքական յիշողութեան յարատեւումին մէջ մեծ է ներդրումը Կոմիտասի վերարտադրած, ստեղծագործած եւ պահպանած աւանդին: Անոր երգերը կրնան պատմութիւն մը պատմել, հաւաքական փորձառութիւններու անդրադառնալ, հայ կեանքին մասին խօսիլ, հայու զգացումներն ու մտածումները հայօրէն արտայայտել եւ ստեղծել տարածք մը, ուր կ՛ապրինք մեր ինքնութեամբ եւ հպարտօրէն կը գիտակցինք անոր արժէքին»:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:

Ան բարձր գնահատեց «հայ մշակոյթի սպասաւորներէն Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի դերը, որ հայկական զուլալ աղբիւրէն հոսող երաժշտութիւնը մի՛շտ կը փոխանցէ մեր ժողովուրդին, պարգեւելով վայելքի անփոխարինելի պահեր: Նմանապէս ան խոր դրուատիքով արտայայտուեցաւ խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի դերակատարութեան այս գծով: Հաւաթեան ըսաւ.

«Համազգայինը իր անցած ուղիով ու կերտած պատմութեամբ, իր համազգային դերակատարութեամբ, «մէկ ազգ ու մէկ մշակոյթ» դաւանող առաքելութեամբ, մշակութային միութիւն մը ըլլալէ անդին, գաղափարական շարժում է ու հայրենասիրութեան, հայապահպանման ու մեր հաւաքական երթը հունաւորող մեծ կազմակերպութիւն»: Ան արժեւորեց լիբանանահայ գաղութի դերը եւ ըսաւ. «Այդ դերակատարութեան մէջ իր կեդրոնական դերն ու նշանակութիւնը ունի լիբանանահայ գաղութը, ուր Համազգայինի գործը միշտ ալ դուրս կուգայ լիբանանեան սահմաններէն ու կը տարածուի աշխարհով մէկ դառնալով նաե՛ւ մշակոյթի անզուգական կամուրջ մը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու սերտաճեցման ու զարգացման հոլովոյթին մէջ»:

Խօսքի աւարտին Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կոմիտասի 150-ամեակի գրքոյկի հրատարակութեան մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններուն եւ Սարգիս Ճապաղջուրեանին:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, ուր իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին հայրենի մշակութային գործիչներ Ալեքս Միրզոյեան եւ Գէորգ Փալանճեան:

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, ուր հերթաբար ելոյթ ունեցան Ազգային Միացեալ վարժարանի երգչախումբը, մեկնաբանելով Կոմիտասի երգերէն` «Լուսնակը լոս», «Ելա Տանիս» եւ մանուկներու հայր մերը խմբավարութեամբ` Յարութ Գալողլեանի: Ապա   Հայ  աւետարանական քոլեճի երգչախումբը մեկնաբանեց Կոմիտասի երգերէն` «Զար զնքը» եւ «Կաքաւիկ»-ը, խմբավարութեամբ Նեկտար Պալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Այգ Արզումանեանի:  Իսկ Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի «Անձրեւ եկաւ», «Ալագեազ», «Խնկի ծառ» եւ «Ել ել» երգերը խմբավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Համեստ Թորոսեան-Պոյաճեանի:

Մէջ ընդ մէջ Կոմիտասի գոհար խօսքերէն մէջբերումներ ասմունքեց Շանթ Գազանճեան:

Աւարտին, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Կարէն Եոսուլքանեան բարձր գնահատեց ձեռնարկի իրագործման նպաստած բոլոր մասնակիցներու ճիգերը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս` ձեռնարկի մեկենասներուն: Այս առիթով մեկենասներուն յուշանուէրները ի բացակայութեան անոնց` յանձնուեցան Յակոբ Հաւաթեանին:

Այնուհետեւ Եոսուլքանեան բեմ հրաւիրեց երեք համայնքապետերու ներկայացուցիչներն ու խմբավար Ալոզեանը կատարելու համար Կոմիտասի 12 երգերն ու լուսանկարները ընդգրկող գրքոյկին գինեձօնը:

Մեկնումի պահուն հիւրասիրութեան կողքին ներկաներուն տրամադրուեցաւ օրինակ մը նշեալ գրքոյկէն: