Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը եւ Բարեկամները Ապրեցան Յիշատակելի ու Անմոռանալի Պահ Մը. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Շաբաթ, 15 Փետրուար 2020-ին, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը եւ բարեկամները համախմբուեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ եւ ապրեցան հայ երգի ունկնդրութեամբ յիշատակելի ու անմոռանալի պահ մը:

Արդարեւ, կազմակերպուած ճաշկերոյթին իր ժողովրդական, աշուղական, ազգագրական եւ ազգային երգերով ու մեկնաբանութեան իւրայատուկ ոճով մասնակից դարձաւ, այս առիթով հայրենիքէն հրաւիրուած տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ ժողովրդային երգերու մեկնաբան Եւա Եկանեան: Երեկոն խանդավառեց նաեւ լիբանանահայ երգիչ եւ համազգայնական Վիգէն Տիշչէքէնեան:

Երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:

Խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած ճաշկերոյթի ընթացքին կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատւութիւններ` Լիբանանի ապրած ընկերատնտեսական այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ կոկիկ եկամուտ մը ապահովուելով Համազգայինի գեղարուեստի տարբեր մարզերու գործունէութեան:

Ճաշկերոյթին Շրջանային վարչութեան բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ու յայտագիրը վարեց Շրջանային վարչութեան անդամ Նանոր Թաշճեան:

Ներկաները բաժնուեցան սրահէն հոգեպարար պահ մը ապրած ըլլալու եւ դարձեալ հանդիպելու տրամադրութեամբ ու ակնկալութեամբ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ