Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Թաքցնէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Հեռագիրները․ Աքչամ

Աշխարհ

 «Թուրքիան դիտաւորեալ կը թաքցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը»: Այս մասին Al Arabiya հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է պատմաբան Թաներ Աքչամ:

Անոր խօսքով` Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը թաքցնէ ցեղասպանութեան մասին պատմող հեռագիրները, որոնք օգտագործուած են 1919-ին Պոլսոյ ռազմական  դատաւորութեան ընթացքին:

Ռազմական դատավարութեան ժամանակ, Աքչամի խօսքով, այդ հեռագիրներու մէջբերումներու հիման վրայ պետական մեղադրողները գրած են մեղադրական որոշումներ եւ դատավճիռներ:

Աքչամ նշած է, որ փաստաթուղթերը գտած է ոչ թէ մասնաւոր, այլ `պետական արխիւներու մէջ: Պատմաբանը աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական գործիչները կը պայքարին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար` ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի հարցով իրենց ջանքերու ծիրէն ներս: