Ժողովրդավարութիւնը Պիտի Օգնէ Յաղթահարել Տարածաշրջանի Խնդիրները. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեամբ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացը պէտք է պահպանուի։ Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս մասին նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրիտրիխ Էպերթ հիմնադրամին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։

«Անիկա բացառիկ բանակցային ձեւաչափ է, ուր առկայ է Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի համագործակցութիւնը։ Այդ համագործակցութեան շնորհիւ է, որ 25 եւ աւելի տարի տարածաշրջանին մէջ կը պահպանուի յարաբերական կայունութիւն»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով Մինսկի խումբի ձեւաչափին վերաբերեալ հարցին։

Անդրադառնալով ԵՄ-ի գործօնին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ քաղաքացիական կառոյցները կրնան աշխոյժ աշխատիլ ղարաբաղեան գործընկերներու հետ։

«Ինծի համար տարօրինակ է, որ ԵՄ-ն, ըլլալով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան ջատագովը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները համագործակցութեան ձեւաչափ չունին Ղարաբաղի քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։ Կ՝ըսուի, թէ Ղարաբաղի կարգավիճակին հետ կապուած խնդիրներ կան։ Ես կ՝ըսեմ, ենթադրենք Ղարաբաղի կարգավիճակը յստակ չէ, բայց կա՞յ որեւէ կասկած Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց կարգավիճակին վերաբերեալ։ Ոեւէ մէկը կ՝ըսէ՞, որ Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ զարգացման հարցը չի տեղաւորուիր մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ։ Ես կը կարծեմ, որ ԵՄ երկիրները կրնան աջակցիլ այս ընթացքին»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։ Ան ընդգծած է, որ ժողովրդավարութիւնը ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է։ Աւելին, ժողովրդավարութիւնն է, որ պիտի օգնէ տարածաշրջանին մէջ խնդիրներու յաղթահարման։

Հանդիպման ներկայ Պեռլինի մէջ ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հարց ուղղած է, թէ ինքը ե՞րբ պիտի կարենայ վերադառնալ իր հայրական տուն, որուն հնարաւորութիւնը այսօր չունի։

«Գիտէք, կայ Շահումեանի շրջան, ուր մինչեւ 1990-ական թուականները ապրած են հայեր։ Այսօր հազարաւոր շահումեանցիներ չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուն, որովհետեւ Շահումեանը ենթարկուած է ցեղական զտումներու։ Այն իրավիճակը, որ մենք այսօր ունինք, ընդամէնը բանի մը արդիւնք է՝ Ղարաբաղի հայութիւնը ուզած է եւ կ՝ուզէ պաշտպանել իր ապրելու իրաւունքը։ Ո՛չ թէ ուզած է կամ կ՝ուզէ ոեւէ մէկուն վատութիւն ընել, տունէն զրկել, այլ կ՝ուզէ պաշտպանել ապրելու իր իրաւունքը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Ան անդրադարձած է նաեւ այն դիտարկման, թէ Հայաստանը կ՝երթայ դէպի Եւրոպա։

«Հայաստանը ոչ մէկ տեղ կ՝երթայ։ Հայաստանը այնտեղ է, ուր եղած է։ Մենք կը շարունակենք մնալ մեր տեղը»,- աւելցուցած է վարչապետը։