ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին` հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը եւ շնորհաւորեց սուրիահայութիւնը այս կարեւոր իրագործումին առթիւ:

«Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ իշխանութեան ու մանաւանդ ասպնջական ժողովուրդին, որ ապաստան շնորհեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացին:

«Սուրիոյ կողմէ այս ճանաչումը եւ դատապարտումը կրկնակի կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ սոսկ իրողութեան հաստատումէն անդին կ՛անցնի, կը վկայէ Սուրիոյ ժողովուրդի ականատես ըլլալու հանգամանքը` Թուրքիոյ կողմէ իր իսկ հողերուն վրայ գործադրուած մեծ ոճիրին եւ կոչ կ՛ուղղէ` պայքարելու ժխտումի քաղաքականութեան դէմ:

«Շնորհակալութիւն մանաւանդ «Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողով»-ին եւ անոր նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին, որոնք նախաձեռնեցին այս բանաձեւի գործընթացին օրէնսդիր պալատին մէջ:

«Այս մեծ յաղթանակին համար կրկին կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորները եւ Հայ դատի բոլոր նուիրեալները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: