Մայր Աթոռի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Մայր Աթոռի պատուիրակութիւնը մեկնած է Վատիկան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը:

«Փետրուար 15-ին, Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Վատիկան` մասնակցելու Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ պաշտօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս կազմակերպուող երիտասարդ հոգեւորականներու հաւաք-հանդիպման:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեան, Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ․ Վահրամ քահանայ Մելիքեան եւ Մայր Աթոռի Կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Տ. Ադամ քահանայ Մակարեան:

Մէկշաբաթեայ ճանաչողական այցի ընթացքին պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնական-կրթական կեդրոններ, Առաքելական պալատ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի քահանայապետ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապի հետ:

Հաւաքի մասնակիցներուն համար պաշտօնական ընդունելութիւն պիտի կազմակերպեն Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ կաթոլիկ ու հայ կաթոլիկ բարձրաստիճան եկեղեցականները»,-նշուած է տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան մէջ: