Category: Սփիւռք
Լիբանանի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Վերամուտ
30 Սեպտեմբեր 2019-ին պաշտօնապէս հնչեց Լիբանանի Ազգային Միացեալ վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը սկսաւ ժամանել իր երկրորդ տունը` ազգային վարժարանի հպարտ հայ աշակերտ ըլլալու զգացումով: Աշակերտներուն դէմքերուն եւ […]
«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» Շքանշան՝ Բարերար Բժիշկ Կարօ Դերձակեանին
Սեպտեմբեր 30-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն: Հայաստանի մէջ բժշկութեան յառաջընթացի եւ զարգացման գործին մէջ իր մեծ վաստակին, […]
Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիպում Սփիւռքահայ Գրող Վահան Զանոյեանի Հետ
Այսօր` Հոկտեմբեր 1-ին, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ «Արմատներ» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է հանդիպում սփիւռքահայ գրող, համաշխարհային ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ, ճանապարհորդ Վահան Զանոյեանի հետ: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ հանիպումին Վահան Զանոյեան անդրադարձած է գրականութեան […]
Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Արծարծեց Արցախի Տագնապը
ՀՅԴ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վանքուվըրի մէջ […]
Գանատահայ Յայտնի Քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեան Ոչ Եւս է
Գանատահայ անուանի քանդակագործ, Գանատայի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ, Քեպէգի համալսարանի փրոֆեսոր Արտօ Չաքմաքճեան, 86 տարեկանին կնքած է իր մահկանացուն: Ծնած է Գահիրէ: 15 տարեկանին ընտանիքը հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: Մասնագիտական […]
«Աւրորա»-ի Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին
Հոկտեմբեր 2-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները Վատիկանի մէջ պիտի արժանանան Ֆրանչիսկոս պապի ընդունելութեան, կը հաղորդէ Mediamax-ը։ Ֆրանչիսկոս պապի հետ հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան «Աւրորա»-ի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Զուիցերիա Եւ Հոլանտա
Ընդառաջելով Հոլանտայի Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետին հրաւէրին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կիրակի օր մեկնեցաւ Հոլանտա: Վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որուն ընթացքին ան երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ տարբեր […]
Դատապարտուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Անգարայի Միջամտութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու յանձնաժողովը (USCIRF) դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի թեկնածուներու հարցով հայութեան վրայ սահմանափակումներ պարտադրելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը։ Յանձնաժողովի ղեկավար Թոնի Փըրքինզ […]
Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Հայաստանին Յաւելեալ Աջակցութիւն Տրամադրելու Առաջարկը
Յանձնախումբի ատենապետ Լինզի Կրեհեմ (ձախ) եւ Քրիս Վան Հէօլըն Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուց Հայաստանի ժողովրդավարացման ջանքերուն յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկը, որ առաջադրուած էր […]
Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց Անկախութեան Տօները Նշուեցան Թորոնթոյի Մէջ
Նախաձեռնութեամբ 28-ամեակի Տօնակատարութեան Թորոնթոյի Միացեալ Մարմնի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, թորոնթոհայութիւնը համախմբուեցաւ իր կուսակցական, եկեղեցական եւ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներով, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահէն ներս, նշելու Հայաստանի եւ Արցախի […]










