Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիպում Սփիւռքահայ Գրող Վահան Զանոյեանի Հետ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր` Հոկտեմբեր 1-ին, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ «Արմատներ» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է հանդիպում սփիւռքահայ գրող, համաշխարհային ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ, ճանապարհորդ Վահան Զանոյեանի հետ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ հանիպումին Վահան Զանոյեան անդրադարձած է գրականութեան ու քարիւղին: Անոր խօսքով աշխարհի մէջ չկայ երկի մը, որ քարիւղի կամուտներով յաղթէ որեւէ պատերազմի:

«Քարիւղով հարուստ երկիրները պատերազմի ժամանակ միշտ ահռելի կորուստներ կը կրեն: Տնտեսական զարգացում չի կրնար ապրիլ այն երկիրը, որ կ՛ապաւինի միայն քարիւղի եկամուտներուն: Քարիւղը անէծք է, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանն ու Արցախը քարիւղ չունին եւ երբեք իրենց ճնշուած չեն զգար, որուն համար շնորհակալ ենք Աստուծոյ»,-մասնաւորապէս ըսած է ան:

Անդրադառնալով գրականութեան` ան նշած է, որ ստեղծագործել սկսած է երիտասարդ տարիքէն եւ առաջին ստեղծագործութիւնները տպագրած է լիբանանեան ամսագրի մը մէջ:

«Ակիզբը կը գրէի միայն բանաստեղծութիւններ: Բանաստեղծական իմ առաջին ժողովածուն`«Վերադարձ» վերնագիրով հրատարակուած է արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, երկրորդը` «Եզրէն դուրս» ժողովածուն` միայն արեւմտահայերէն: Ինծի համար երկու լեզուներն ալ հոյակապ են եւ կարելի չէ անտեսել անոնցմէ որեւէ մէկը: Արեւմտահայ գրականութիւնը այնպիսի գոհարներ ունի, որ խորհուրդ կու տայի անպայման ուսումնասիրել: Այնուհետեւ հրատարակած եմ պատմուածքներ, ուր անդրադարձած եմ սեռական թրաֆիքինգին: Անիկա անընդունելի մարդկային աղէտ է եւ ուրախալի է այն փաստը, որ այժմ աշխարհի մէջ բաւական քիչ են նման երեւոյթներ: Վերջերս աւարտած եմ «Հայաստանի եւ Արցախի գինիի վերածնունդի պատմութիւնը» գիրքը, որ շուտով պիտի յանձնեմ  ընթերցողիս դատին: Ինծի համար  գինին ծնած է Հայաստանի մէջ` իմ հայրենիքի` Վայոց Ձորի մէջ, եւ ես կրնամ վստահ ըսել, որ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան գինի ունինք»,-մասնաւորապէս ըսած է ան:

Հանդիպումի աւարտին գրողը շնորհակալութիւն յայտնած է «Թուֆենկեան» հիմնադրամին` հանդիպումը կազմակերպելու համար: