Հոկտեմբեր 13-ին Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Բերքի Տօն

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 13-ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի գիւղատնտեսական մթերքներու ցուցահանդէս-վաճառք` նուիրուած գիւղատնտեսութեան աշխատողի մասնագիտական տօնին առիթով:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ բաժնի պետ Կարէն Միրզոյեան ըսած է, որ այդ օրը Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ  պիտի ներկայացուին Արցախի բոլոր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ` առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու բերքն ու բարիքը, վերամշակողներու լաւագոյն արտադրութիւնը:

«Այս տարի ստացած ենք Բերքի տօնի մասնակցութեան աւելի քան 500 յայտ: Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի տեղադրուին համապատասխան քանակով տաղաւարներ, ուր մարդիկ պիտի ներկայացնեն իրենց գիւղատնտեսական արտադրութիւնը: Իւրաքանչիւր շրջան հանդէս պիտի գայ նաեւ իր մշակութային ծրագիրով»,- մասնաւորապէս, ըսած է ան։

Ըստ Միրզոյեանի` այս տարի Բերքի տօնին նախորդող օրերուն Մարտունիի Կարմիր Շուկայ գիւղին` Հոկտեմբեր 2-ին,  Շուշիի մէջ` Հոկտեմբեր 4-ին, Ասկերանի մէջ` Հոկտեմբեր 8-ին եւ Ստեփանակերտի մէջ` Հոկտեմբեր 10-ին պիտի կազմակերպուին գիտագործնական խորհրդաժողովներ` բուսաբուծութեան, անասնաբուծութեան, ոռոգման համակարգերու ու արհեստագիտութիւններու, սննդամթերքի անվտանգութեան ու վերամշակման վերաբերեալ, իսկ Հոկտեմբեր 12-ին մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողովներու ամփոփիչ միջոցառումը: