Ժողովրդավարութեան Գործնական «Դասապահ» Մը Քեսապի Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Վերնագիրը կարդալով` հաւանաբար ընթերցողը պիտի ենթադրէ, թէ քաղաքական կամ փիլիսոփայութեան առնչուած վերլուծում մը կը միտիմ կատարել: Ո՛չ: Այդպէս չէ: Գրութիւնս պարզապէս ժողովրդավարութեան համար գիւղիս` Քեսապի կառավարիչին արտայայտած տեսակէտին առնչուած դրուագ մըն է:

Ուրեմն, անմիջապէս սկսիմ պատմումին:

Քեսապի տասնեակ մը գիւղերէն զատ, բարձրիկ, գիւղատնտեսական շրջան մը, լայն տարածք մը կայ, որ կը կոչուի Չալմա:

Շրջանը միջանկեալ է Գարատուրան, Էքիզոլուխ եւ Վերի Պաղճաղազ գիւղերուն միջեւ: Ան գիւղ չէ: Հոն բնակչութիւն չկայ: Այնտեղ կառուցուած է այգիի մը պէտքերուն համար սենեակ մը, գոմ մը:

Այնտեղ հնամենի սօսիի (չալմա) ծառի մը հարեւանութեամբ կը գլգլայ սառնորակ աղբիւր մը, այդ 900 մեթր բարձրութեան վրայ (Քեսապ 700 մեթր բարձր է ծովու մակերեսէն). աղբիւրը օգոստոս-սեպտեմբեր ամսոյն թէեւ չի ցամքիր, սակայն ցորենի հասկի կամ խոտի ցօղունի մը չափ կը ծորի, քարաշէն ու սիմենթով ամրացուած գուռին մէջ, որ պատրաստած են մեծ հայրս` Կարապետը եւ իր եղբայրներն ու հօրեղբօրորդիները:

Գուռին մէջ կաթիլ-կաթիլ թէ արագաւազ հաւաքուած ջուրը կը ծառայէ աղբիւրէն վար, ցածկեկ ածուները ջրելու:

Աղբիւրին կից տնկուած սօսի ծառը դարաւոր չէ` հակառակ իր հաստաբուն ըլլալուն: Սակայն անիկա տնկուած է դարաւոր սօսի թառի մը տեղ, որ հրկիզուած էր հզօր կայծակի մը հարուածին տակ տապալելէ ետք: Զայն տնկած են մեծ հայրս` Կարապետը, եղբայրը` Աբրահամը եւ հօրեղբօրորդին` Աւետիսը:

Սօսի ծառը լայնատարած է եւ երկար տարիներէ ի վեր իր շուքով կը ծառայէ ու ծառայած է մշակներուն, որոնք, արօտավայրէն յոգնաբեկ, կէսօրին կը հաւաքուէին ապաստանելու անոր շուքին տակ, բանալով իրենց պաշարի ծրարները, զովանալով ու պապակը յագեցնելով` աղբիւրին պաղ ջուրով:

Երրորդ ակնբախ կառոյցը հօրեղբօրորդիիս ճաշարանն է` ծառին եւ աղբիւրին հարեւանութեամբ: Անշուշտ ճաշարանը չէ կառուցուած մշակներուն եւ պարտիզպաններուն համար, այլ` այդ վայրը փութացող ամառնային զբօսաշրջիկներուն եւ օդափոխութեան եկող մարդոց:

Ճաշարանը վերջերս վերանորոգուեցաւ, որովհետեւ Քեսապի 2014-ին բռնագրաւումէն ետք այնտեղ տեղի ունեցան ազատագրութեան բուռն մարտեր` սուրիական ազգային բանակին եւ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ, եւ մինչեւ 2018 թուականը կիսափուլ վիճակ մը կը ներկայացնէր:

Այնտեղ տողերուս հեղինակը ունի սալորի պարտէզ մը` ժառանգուած մեծ հայրերէս, որովհետեւ շրջանը` Չալման եղած է ընդհանրապէս Մանճիկեան բազմամարդ գերդաստանի կալուածը:

Է՜հ… Այսքան նկարագրութիւն բաւարար է Չալմային: Աչքով պէտք է տեսնել մշուշապատ Չալման:

Մայիսի շոգ օր մըն էր, երբ գացած էի այնտեղ  գարնանային վարուցանքի` քարշակով (թրաքթէօր)` լուծի եւ լծկանի փոխարէն:

Յանկարծ նկատեցի, որ Քեսապի կառավարիչին ինքնաշարժը սուրալով մօտեցաւ եւ կանգ առաւ աղբիւրին առջեւ: Անկէ դուրս եկան երեք ոստիկաններ եւ կառավարիչը: Անոնց այդտեղ գալու շարժառիթը հեռաւոր Տէր Զօրէն Քեսապ ժամանած խաշնարած-պետեւիներուն եւ անոնց ոչխարներու բազմաթիւ հօտերուն մէկ մասին խնձորի պարտէզ մը որպէս արօտավայր ընտրելու եւ այնտեղ արածելու «ոճիրն» էր: Պարտէզին տէրը բողոքած էր:

Հարցը այն էր, որ այդ խաշնարածներուն Սուրիոյ կառավարութիւնը, ի տես երկրին արեւելեան շրջաններուն մէջ ծանրացած երաշտին, արօտավայրերու խիստ սակաւութեան, թոյլատրած էր անոնց գալ ծովամերձ վայրեր, եւ անտառային ու համայնական` պետական կալուածներուն մէջ, ի բաց առեալ անձնական տարածքներէն, արածեցնել կամ մէկտեղել իրենց ոչխարներու հօտերը, որոնք մաս կը կազմէին Սուրիոյ հարստութեան:

Զանոնք Քեսապ հասցնելու թոյլտուութիւնը տրուած է նահանգապետէն, որ ծագումով Տէր Զօր-Հասիչէ շրջաններէն էր, եւ Քեսապ հասած հովիւները, խաշնարածները իր ազգականներն էին:

Պէտք է ըսել, որ ոչխարներուն շրջանին մէջ տեղաւորուելով` շատցած էին ճանճերը, միջատները, եւ համատարած էր գարշահոտը այն վայրերուն մէջ, ուր իրենք կայք հաստատած էին:

Քեսապցիք բաւական պայքարելէ ետք յաջողեցան զանոնք վանել գիւղին վարչական սահմաններէն դուրս:

Խաշնարածները սահման, սեփական տարածք, անձեռնմխելիութիւն… եւ այլն, այսպիսի բաներ չէին գիտեր կամ չէին ուզեր գիտնալ: Իրենց համար ընտանիքէն եւ այլ բաներէ աւելի կարեւոր էին… ոչխարները… միայն ու միայն: Ջուր եթէ գտնէին, լոգնալ-մոգնալ անկարեւոր էին: Կարեւորը ոչխարները ջրելն էր: Անոնց հոլովումին միակ գոյականը ոչխարն էր:

Այս դիպուածը կը զուգադիպէր 2000-2002 թուականներուն, երբ Սուրիոյ մէջ սկսած էին փչել «Բարենորոգութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կարգախօսներու սնամէջ կոչերը` պարուրուած ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, ազատ խօսքի արտայայտութիւն եւ այսպիսի համամարդկային գաղափարներով:

Աշխատանք կը տարուէր երկիրը հրմշտկելով` տեղաւորել արեւմտեան բարքերուն եւ գաղափարներուն մէջ:

Վերոյիշեալ գաղափարները` ժողովրդավարութիւն, ազատութիւն… եւ այլն, լորձնաշուրթն բերաններէն առատօրէն կը ծորէին, մայրաքաղաք Դամասկոսէն մինչեւ ծայրամասերու գիւղերուն բնակիչներուն քով: «Մոտա» էր: Տասը տարի բաւարար եղաւ, մինչեւ 2011-ին սուրիական ծանօթ տագնապին սկսիլը, համոզուելու, թէ ի՛նչ հզօր գաղափարներ էին… Լաւապէս շահարկուած արեւմտեան պետութիւններէն, յանգելով երկրին քարուքանդ դառնալուն եւ որպէս ժողովրդավարութեան կամ ազատութեան «դափնեպսակ»` այդ «երկունքէն» ծնան «Ժապհեթ նուսրա» կամ «Իսլամական պետութիւն» եւ չեմ գիտեր, թէ քանի հարիւր անուանակոչում ստացած ահաբեկչական զինեալ խումբեր, որոնք քարուքանդ ըրին երկիրը` ժողովուրդին պատճառելով անասելի ու աննկարագրելի խժդժութիւններ:

Եւ այդ ահաբեկչական վարձկան խումբերը ցայսօր Արեւմուտքը կը կոչէ «չափաւորական զինեալ ընդդիմութիւն»… ինչ փարատոքս, յանուն ժողովրդավարութեան:

Վերադառնանք մեր դրուագին:

Ոստիկաններէն երկուքը հաւաքեցին հօտին ոչխարները եւ ուղղուեցան դէպի սօսի ծառը կամ աղբիւրը. մինչ կառավարիչը եւ երրորդ ոստիկանը «քշեցին» հովիւը պարտէզէն դուրս: Կառավարիչը, ելեկտրական չորս լարերէ հիւսուած խարազանի  հարուածներով «օծեց» հովիւին մարմինը, թիկունքը, ոտքերը, յետոյքը… եւ այլն:

Այդ «ճանապարհորդութեան» անոնք կտրեցին աւելի քան հինգ հարիւր ոտք:

Հովիւը, որ հագած էր արաբական երկար փարաճա մը, ոզնիի փուշերու նմանող գզգզուած մազերով, ոչ մէկ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերէր իր մարմնին վրայ տեղացող խարազանի հարուածներուն… նոյնիսկ աչքերը չէր թարթեր: Գրաստ մը կամ ցուլ մը պիտի կքէին այդ հարուածներուն տակ: Բայց պետեւին… ոչ:

Հրապուրուած տեսարանէն, կարծես ամերիկեան-արեւմտեան ուեսթըրն շարժապատկերի մը դիմաց կը գտնուէի, կանգ առի հերկելու տանջալից գործէս, եւ փութացի կուշտ աչքերով դիտելու իսկական շարժապատկերը: Երբ անոնք հասան սօսի ծառին մօտերը, կառավարիչը հեւալով, ուժասպառ խոյացաւ հովիւին վրայ եւ ձեռքերը մխրճելով անոր մազերու խուրձին մէջ, հաւանաբար քաջալերուած մեր` հանդիսատեսներու հաւաքէն, ուզեց քաշքշել անոր գլուխը: Բայց յանկարծ կանգ առաւ. զգալով, որ իր տասը մատները հովիւի գլխուն մազերուն մէջ չէ, որ մխրճուած էին, այլ` ի ծնէ ջուր ու բաղնիք չտեսած աղբամանի մը հետ մրցող, կեղտոտ խուրձի մը մէջ: Վայրկեանին մատները դուրս բերելով «ծուղակէն»` ոստիկանին հրամայեց օճառ բերել ճաշարանէն եւ սրընթաց ուղղուեցաւ մեղմօրէն հոսող ու պաղ գլգլացող աղբիւրը: Օճառը հիւանդատար կառքի մը արագութեամբ հասաւ. ան լուացուեցաւ 3-4 անգամ փրփրացնելով ու լուալով իր ձեռքերը, որոնք բազմաթիւ անգամներ իրարու շփուելով` շիկացած, կարմրած էին:

Ապա թաց ափերով շփեց իր ճաղատ գլուխը ու համեմատաբար հանդարտած` դարձաւ մեզի` հանդիսատեսներուս ու գրեթէ գոռալով ըսաւ.

«Տակաւին կը համարձակին թերթերով, ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով, ճաղերուն մէջ, անկիւններուն մէջ, բարձրաձայն, փսփսալով… եւ շարունակաբար կ՛աղաղակեն`  ազատութիւն, խօսքի ազատութիւն, օրէնքի գերադասութիւն եւ մանաւանդ, մանաւանդ` ժողովրդավարութեան մասին:

«Անոնք չեն տեսներ այս անասունը,- հովիւը ցոյց տալով,- եւ անոր նման միլիոնները: Անոնք ի՞նչ կը հասկնան օրէնքէն, ազատութենէն, ժողովրդավարութենէն: Անոնց միակ հասկացողութիւնը ոչխարներն են, անոնց հօտերը, ազատօրէն բռնաբարել դրացիին բակը, պարտէզը… կարծես իրենց համար հայրենիքը ոչխարներու արօտավայր է…»:

Այո, անապատ, արօտավայր, ոչխարներու հօտեր, խաշնարածներ, վրանաբնակ, կեղտի ու տիղմի մէջ կորած արարածներ եւ… ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ այսպիսի բաներ եւ վաչկատուն ցեղեր ու խաշնարածներ…

Կառավարիչը մեզի «ժողովրդավարութեան» գործնական դաս մը տուած էր, պարզ ու շատ հասկնալի. չալմայի ծառին տակ, ու աղբիւրին մօտ:

Արդեօ՞ք հին Յունաստանի անուանի փիլիսոփաները իրենց դեգերումներուն եւ շրջապտոյտներուն ընթացքին հասած էին Սուրիա եւ Չալմա:

Չէ՞ որ մեր գիւղը ծովամերձ էր, Միջերկրականէն հազիւ 8-10 քիլոմեթր ներս: