Լիբանանի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Վերամուտ

Սփիւռք

30 Սեպտեմբեր 2019-ին պաշտօնապէս հնչեց Լիբանանի Ազգային Միացեալ վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը սկսաւ ժամանել իր երկրորդ տունը` ազգային վարժարանի հպարտ հայ աշակերտ ըլլալու զգացումով: Աշակերտներուն դէմքերուն եւ հայեացքներուն մէջ արեւի ճառագայթներուն նման կ՛երեւին ուրախութիւնն ու փայլուն ապագայի հանդէպ յոյսն ու հաւատքը:

Հայերէնով հնչող վերամուտի մանկական, ուրախ եւ ճոխ երգերու ունկնդրութեամբ, Կոկոն դասարանէն մինչեւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ժամանեցին վարժարան:

Շրջափակին մէջ կը տիրէր երգի եւ պարի մթնոլորտ: ԺԲ. դասարանի աշակերտները Ա. դասարանի իրենց կրտսեր դասընկերները դիմաւորեցին անոնց համար յատուկ պատրաստուած խաղերով եւ նուէրներով:

Ժամը 7:30-ին հնչեց 2019-2020 տարեշրջանի առաջին զանգը. Տէրունական աղօթքէն ետք ամբողջ աշակերտութիւնը միաբերան երգեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեան, որ բարի գալուստ եւ բարի վերամուտ մաղթելէ ետք աշակերտութեան, իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց գիտակցութիւնը այն ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներու կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը շարունակեն վստահիլ հայ դպրոցին` ազգային դպրոցին:

Աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը` անոնց մաղթեց յաջող, աշխատանքով բեղուն եւ մանաւանդ ուրախ տարեշրջան, միշտ եւ ամէն տեղ ըսելով, որ իրենք միացեալական են եւ հպարտ:

Անոր յաջորդեց վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի խօսքը, որ իր կարգին բարի վերամուտ մաղթեց եւ աշակերտները հրաւիրեց լուրջ, հետեւողական եւ կեդրոնացած աշխատանքի` հասնելու համար աւելի բարձր յաջողութիւններու եւ փայլուն արդիւնքներու:

Ապա աւարտականի աշակերտները օդին մէջ փուչիկներ արձակելով` մեկնարկը տուին 2019-2020 տարեշրջանին, եւ բոլորը բարձրացան իրենց դասարանները:

Առաւօտեան ժամը 8:30-ին Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ, ժամանեցին վարժարան եւ դիմաւորուեցան մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն ու մանկապարտիզպանուհիին կողմէ` յարկին տակ ստեղծելով ուրախ, ջերմ եւ ընտանեկան մթնոլորտ:

Այսպիսով, Ազգային Միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը նոր մարտահրաւէրներ յաղթահարելու ամուր կամքով, ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ փայլուն ապագայի տեսլականով կը սկսի իր երրորդ տարեշրջանը: