Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Արծարծեց Արցախի Տագնապը

Սփիւռք

ՀՅԴ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վանքուվըրի մէջ հանդիպում մը ունեցան Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթիա ֆրիլենտի հետ:

Զրոյցին ընթացքին արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութեանց զարգացման, Արցախի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման ի խնդիր` Գանատայի կառավարութեան գործօն դերակատարութեան կարելիութեանց եւ անհրաժեշտութեան հարցերը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Գանատայի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց:

Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախարարին յանձնեցին յանձնախումբի պատրաստած թղթածրարը:

Նշենք, որ 2019-ի Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, ՀՅԴ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդին ընդհանուր շահերէն մեկնած` հրապարակած է առցանց եւ տպագիր անգլերէն գրքոյկ մը, որ համապարփակ ձեւով կ՛անդրադառնայ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն: