«Հայ Սկաուտի Օր»-ը Քեսապի Մէջ

Հայ սկաուտը, հաւատարիմ իր նշանաբաններուն՝ «Բարձրացիր Բարձրացուր»ին եւ «Միշտ Պատրաստ»ին, հաւատարմօրէն կը ծառայէ ՀՄԸՄ-ին, որպէս առողջ մարմին, արթուն միտք ունեցող երիտասարդութիւնը իր կարելին ի գործ դնելու ազգին ու հայրենիքին պանծացման: […]

Հալէպի «Քրիստափոր» Գրադարանը 100 Տարեկան է

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Ս.Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» գրադարանի վարչութեան, Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, հանդիսութեամբ եւ ցուցահանդէս վաճառքով […]

Թուրքիոյ Մէջ «Հայկական Հիմնադրամներու Միութիւն»-ը Ընտրած է Իր 2-րդ Նախագահը

Մարտ 2-ին, Թուրքիոյ մէջ «Հայկական հիմնադրամներու միութիւն»ը Եէտիքուլէի (Պոլսոյ թաղամասերէն) Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ՝ գումարած է դռնփակ նիստ, որուն ժամանակ ընտրած են միութեան 2-րդ նախագահը։ Պոլսահայ «Ակօս» թերթին տեղեկութիւններով՝ միայն […]

ՀՕՄ-ի Հիմնադրութեան 110-ամեակի Ձեռնարկներուն Առթիւ Պտոյտ Դէպի Հայաստան-Արցախ

Այս տա­րի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը պի­տի նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը։ Իր ա­ռա­քե­լու­թեան ու­ղիին վրայ, ՀՕ­Մ-ը ար­ձա­նագրած է զա­նա­զան նո­ւա­ճում­ներ ու ձեռք­բե­րում­ներ, եւ իր ժո­ղովր­դա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան հո­լո­վոյ­թին ընդ­մէ­ջէն ու­նե­ցած է իր […]

Թ. Հ. Թ. Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Կեդրոնական Յանձնախումբի Հանդիպումը Միութիւններու Վարչութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին, ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Թ. Հ. Թ. Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի ոգեկոչման կեդրոնական յանձնախումբը կազմակերպած էր հանդիպում համայնքին մէջ աշխատող հայ մշակութային, մարզական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ […]

Թաւշեայ Յեղափոխութեան Մասին Պատմող «Ես Մինակ Չեմ» Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Ամերիկեան Շարժանկար-թատերասրահներուն Մէջ

Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմող «Ես մինակ չեմ» ֆիլմը ԱՄՆ շարժանկար-թատերասրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 10-էն սկսեալ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է System […]

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Նիստ Գումարուեցաւ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Հանդիպումին ներկայ էին ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. […]

Կրթական 7 Մշակներ Պիտի Մեծարուին Հայ Դատի Կրթական Բաժանմունքի Ձեռնարկին Ընթացքին

Շաբաթ, 7 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին սկսող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքին տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարելու 7 կրթական մշակներ, որոնք յատկանշական դերակատարութիւն […]

Ն. Փաշինեանի, Յ. Տէր-Խաչատուրեանի եւ Ի. Սաղաթելեանի Միջեւ Հանդիպում Կայացած է

Մարտ 4-ին, տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի միջեւ: Հանդիպման մասնակցած է ՀՀ Սփիւռքի […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Մարտ 3-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը […]