Սփիւռքի Մասնագէտներու Համար Կը Մեկնարկէ «Իգործ» Ծրագիրը

ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը մեկնարկէ «Իգործ» բացառիկ ծրագիրը եւ սփիւռքահայ մասնագէտներուն կը հրաւիրէ աշխատելու Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու պետութեան կառավարման գործին սփիւռքի զարգացած […]

Ֆրանսահայերը Կ՛ահազանգեն Փարիզի Քաղաքապետի Թեկնածուին Եւ Ատրպէյճանի Իշխանութեան Կապերու Մասին

Փարիզի քաղաքապետի ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու առաջադրուած Ռաշիտա Տաթին սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Marianne առցանց հարթակին վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ կ՛ահազանգեն Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի […]

Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Քաղաքացիի Անձնագիր Յանձնած է 105-ամեայ Նուրհան Եուսուփովիչին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր յանձնած է 105-ամեայ Նուրհան Եուսուփովիչին: Այս մասին վարչապետը գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ՝ լուսանկարի հետ միասին: «Ինծի համար մեծ պատիւ էր […]

ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղը Հանդիսաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Սկաուտին Օրը (լուսանկարներ)

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Սկաուտի Օրուան տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան […]

«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Կանխարգելիչ Միջոցներ՝ Սպահանի եւ Ատրպատականի Հայոց Թեմերէն Ներս

Իրանահայ թեմերուն մէջ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի հարցով ազգային իշխանութիւններուն տարած աշխատանքներու կապակցութեամբ «Ալիք»-ի թղթակիցը հեռախօսազրոյց ունեցած է Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու Թեմական խորհուրդներու ատենապետեր՝ Վարուժ Մինասեանի եւ Ռուբիկ […]

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Յակոբ Գասարճեանին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Լաչինեան-Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ […]

ՀՅԴ Գանատայի Պատանիները Պիտի Մասնակցին Լոռի-Ջաւախք Զօրակցական Նախաձեռնութիւններուն

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնները նշեցին Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորման տարեդարձները ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կը յայտնէ, որ 29 Փետրուար 2020-ին, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ մեծ […]

Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Ապահոված Թեկնածուները Յատկանշական Յաղթանակներ Կերտեցին

Երեքշաբթի, 3 Մարտին Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ապահոված դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններուն թեկնածուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յաղթանակներ արձանագրեց կամ ստացաւ յաջորդ հանգրուանին մասնակցելու […]

«Սփիւռքի Հայութիւնը Կը Զօրակցի Ջաւախքին». Հարցազրոյց Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» Յանձնախումբի Անդամ Ալեք Օհանեանի Հետ

Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ շուտով պիտի կայանան Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն։ Զօրակցական հանգանակային հաւաքներուն պիտի զեկուցէ ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Ֆոնտի […]

Համազգայինի «Փեթակ» Ծրագիրը Հայ Մանուկներու Արեւմտահայերէնի Իմացութեան Փորձառութիւն Կ՛ընձեռէ

Համազգայինը, արեւմտահայերէնի իմացութիւնը զարգացնելու նպատակով “Փեթակ” անունով հայկական ծրագիր մը մշակած է 10_14 տարեկան հայ փոքրիկներու համար։ 2_11 Օգոստոս, 2020-ին, Ֆիլատելֆիա քաղաքէն 40 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող St. Mary of […]