Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբին Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Ընկ .Վահիկ Յակոբեանն ու Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչ Ընկ. Վահէ Անտոնեան, Վանգուվըրի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին «S.U.C.C.E.S.S Gala 2020» ձեռնարկին, որուն ընթացքին առամձնազրոյց մը ունեցան Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցը, որուն աւարտին ընկերները Նախարարին ներկայացուցին […]

Մխիթարեան Միաբանութեան Թանգարանէն Ներբ 5000-ամեայ Սուր Յայտնաբերուած Է

Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին հայկական վանական միաբանութեան թանգարանէն ներս մերձաւորարեւելեան զէնքի մասնագէտ Վիթորիա Դալարմելինան յայտնաբերած է ոչ մեծ սուր մը, որուն յետագայ ուսումնասիրութիւնը փաստած է անոր մօտաւորապէս 5000 տարեկան ըլլալը: […]

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պատասխանէ «CNN Greece»ի Ապատեղեկացնող Յօդուածին

Յու­նա­կան «CNN Greece» ծա­նօթ կայ­քէ­ջին վրայ, 28 ­Փետ­րո­ւա­րին լոյս տե­սաւ յօ­դո­ւած մը՝ ստո­րագ­րո­ւած Է­վան­կե­լոս ­Վե­նե­թի­սի կող­մէ, որ կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ­Կով­կա­սի հար­ցե­րու փոր­ձա­գէտ։ Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կը խօ­սի ­Խո­ջա­լո­ւի […]

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սարգիս Արմէնեանը Յետ Մահու Պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Փետրուար 29-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ թաղումը Համազգայինի շքանշանակիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Արմէնեանի: Թաղման արարողութեան նախագահեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով […]

ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը: ՀՀ նախագահի գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան ՀՀ նախագահին ներկայացուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու` օրերս Երեւանի եւ Ստեփանակերտի […]

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 Փետրուարէն 1 Մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուբէն Վարդանեանը

1 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մոսկուայէն միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Ռուբէն Վարդանեանը: Տիար Վարդանեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներ, որոնցմէ հանրածանօթ է Հայոց […]

Հայկական Ֆիլմերու Փառատօն Ուաշինկթընի Մէջ (տեսանիւթ)

Հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հարիւրամեակին առիթով Ուաշինկթընի մէջ սկիզբ առած է հայկական ֆիլմերու փառատօն: Բացման ֆիլմը եղած է Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը»։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը։ «Մշակոյթը մեր ժողովուրդները […]

BBC-ն Անդրադարձած է Եթովպիոյ Հայկական Փոքրաթիւ Համայնքին Եւ Անոր Ներկայ Վիճակին

Հեղինակաւոր BBC կայքը «Նամակ Ափրիկէէն» (Letter from Africa) շարքէն յօդուած հրապարկած է, որ կը վերաբերի հայ-եթովպիական յարաբերութիւններուն, Եթովպիոյ մէջ հայկական համայնքին ու անոր ներկայ վիճակին: Եթովպիոյ մէջ հայկական կորսուած համայնքին […]

Աւարտին Հասաւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու Հնգօրեայ Համաժողովը

24-28 Փետրուար 2020-ին, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը։ Համաժողովին մասնակցեցան Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն և գրասենեակներէն, եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտ […]