Թաւշեայ Յեղափոխութեան Մասին Պատմող «Ես Մինակ Չեմ» Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Ամերիկեան Շարժանկար-թատերասրահներուն Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմող «Ես մինակ չեմ» ֆիլմը ԱՄՆ շարժանկար-թատերասրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 10-էն սկսեալ:

Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է System of a down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան, որ ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակն է ու գործադիր արտադրողը:

Թանկեան նաեւ գրած է, որ Rotten Tomatoes-ի մէջ ֆիլմին վարկանիշը 100 տոկոս է, իսկ IMDb-ի մէջ՝ 9.3:

Սերժ Թանկեան հրապարակած է նաեւ ֆիլմի պաշտօնական Trailer-ը:

Ապրիլ 10-ին, ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Լոս Անճելըսի մէջ, Ապրիլ 17-ին Նիւ Եորքի եւ Ֆրեզնոյի, իսկ Ապրիլ 24-ին՝ Ուաշինկթընի, Պոսթընի եւ այլ վայրերու մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Ես մինակ չեմ» ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը կայացած է Սեպտեմբեր 7-ին Թորոնթոյի մէջ: Անիկա մրցանակի արժանացած է Թորոնթոյի միջազգային փառատօնին: Ֆիլմին բեմադրիչը Կարին Յովհաննիսեանն է: