Category: Սփիւռք
Այն Երազանքները, Որ Ունէինք Անկախութիւն Հռչակելու Ժամանակ, Իրականութիւն Են. ՀՀ Նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է անկախութեան 29-ամեակին առիթով: ՀՀ նախագահի ուղերձը ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով. «Սիրելի հայրենակիցներ, Կը շնորհաւորեմ մեր կարեւորագոյն պետական տօնին՝ Անկախութեան օրուան առիթով։ […]
Ինքնիշխան ու Ազատ Պետութիւնը Հայ Ժողովուրդի Ազգային Օրակարգի Առանցքին Է. ՀՀ Վարչապետի Ուղերձը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով: ՀՀ վարչապետի ուղերձը ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով. «Սիրելի ժողովուրդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Արցախի Հանրապետութեան հպարտ […]
Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմէն Ներս
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-րդ ամեակին առիթով, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ […]
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 29-ամեակին Նուիրուած Հանրապետական Մաղթանք
Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան […]
«Քեզի Համար Լիբանան»
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նշանակալի առցանց երգահանդէսը նպատակաուղղուած է Լիբանանի հայութեան եւ յատկապէս Համազգայինի մեծ ու աշխարհատարած ընտանիքը ի մի բերելու, օգտուելով համացանցի արդի հաղորդակցութեան բոլոր հնարաւորութիւններէն: […]
Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի. Արամ Ա.
Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ մարմինի տարած աշխատանքին: Կաթողիկոսարանի […]
Յարձակում Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնին Վրայ
Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցած են, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով, կը տեղեկացնէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։ Հայ […]
Զախարովա Անդրադարձած է Արցախի Մէջ Լիբանանահայերու Բնակեցման Լուրերուն
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է Արցախի մէջ լիբանանահայերու բնակեցման լուրերուն: Ան, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին խօսած է զրոյցի մը ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին: «Մենք […]
Յայտնի Են 2020-ի «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիրները
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հինգերորդ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ մրցանակը կը շնորհէ Ֆարթուն Ատանին եւ Իլուատ Էլմանին. մայր եւ դուստր Սոմալիի մէջ կը ղեկավարեն «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը: Որպէս […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկայ շաբթուան […]










