Զախարովա Անդրադարձած է Արցախի Մէջ Լիբանանահայերու Բնակեցման Լուրերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է Արցախի մէջ լիբանանահայերու բնակեցման լուրերուն: Ան, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին խօսած է զրոյցի մը ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:

«Մենք լսած ենք Լիբանանէն հեռացած հայերը բնակեցնելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն մտադրութեան մասին: Մենք կարդացած ենք այն հաղորդագրութիւնները, թէ լիբանանահայ երկու ընտանիք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակելու փափաք յայտնած են: Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ լիբանանահայ գաղթականներուն հոսքին մասին ստուգուած տուեալներուն չենք տիրապետեր»,- յայտնած է Զախարովա:

Ան դիտել տուած է, որ այժմ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  վերաբերող բանակցային գործընթացի վերականգնման, ինչպէս նաեւ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցի լուծման վրայ:

Զախարովա յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները 14 Սեպտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած են Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, անոնց փոխանցած են միջնորդներուն առաջարկները՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ծիրին մէջ յետագայ քայլերուն վերաբերեալ, այդ կարգին՝  իւրաքանչիւր նախարարի հետ առանձին հանդիպում կազմակերպելու: «Մենք կողմերուն դրական պատասխանին կը սպասենք»,- եզրափակած է Զախարովա։