Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմէն Ներս

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-րդ ամեակին առիթով, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծարգոյ Արմէն Սարգսեանին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Մանօ Տէր Մանուէլեանի, ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Քիլէճեանի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն:Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան:Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, դպրաց դասի «Ուրախ Լեր Սուրբ Եկեղեցի» շարականի երգեցողութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի սկաուտները Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը բերին Ս. Խորան: Հանրապետական մաղթանքի արարողակարգը տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, մասնակցութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Քահանայ Հայրերուն: Հանրապետական մաղթանքը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ, որմէ ետք գոհաբանական աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-րդ ամեակին առիթով: Այնուհետեւ շարականներ երգուեցան եւ Սուրբ Գրային հատուածներ ընթերցուեցան, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Սուրբ Խաչով օրհնուեցաւ եռագոյն դրօշը: Ներկաները պատուեցին հայկական դրօշը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեամբ:Օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, բնաբան ունենալով 127-րդ սաղմոսի առաջին համարը. «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները: Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները»:Հայր Սուրբը Դաւիթ Մարգարէի վերոյիշեալ խօսքը պարզաբանեց եւ Աստուածաշունչէն օրինակներ մէջբերելով յայտնեց, թէ Աստուած Ի՛նքն է մեր պահապանը եւ մեզ կը պաշտպանէ այս դժուարին օրերուն մէջ, եթէ մեր կեանքին կեդրոնը Յիսուս Քրիստոսը դարձնենք: Հայր Լեւոն մատնանշելով անկախութեան ճամբուն վրայ Հայ Ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, յայտնեց, թէ Աստուած միշտ ներկայ եղաւ Հայաստան աշխարհին մէջ եւ պահեց ու պահպանեց հայ ժողովուրդը բոլոր թշնամիներէն, շնորհիւ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին:Խօսքի աւարտին, Հայր Սուրբը հաւատացեալներուն թելադրեց, որ յարատեւ աղօթեն Հայաստանի սահմանները պաշտպանող զինուորներուն համար եւ մեր հայրենիքի ղեկավարներուն համար, որպէսզի Աստուծոյ երկիւղով եւ իմաստութեամբ ղեկավարեն հայ ազգը:Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, հայրենիքի վերանկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն յիշատակին:+6

249Maral Derderian and 248 others12 Comments19 SharesLikeCommentShare