Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութեան առնչուած հարցեր: