Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան` Ամերիկեան Քոնկրեսի Գրադարանի Հայկական Եւ Վրացական Հաւաքածոներու Ղեկավար

4 Յունուար 2021-ին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեան պիտի […]

Տինքի Սպանութեան Գործով Ձերբակալուած է Եւս 1 Ոստիկան-Սպայ

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան քրգործի ծիրէն ներս ձերբակալուած է կասկածեալ Օքան Շիմշեքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։ Թրքական դատարանը, Յունուար 8-ին, կայացուցած էր որոշում՝ ձերբակալելու Տրապիզոնի […]

Լոյս տեսաւ.- Կարին Անկողինեանի Նոր Հատորը՝ «Հայերէն Հայքու»-ն

Լոյս տեսած է Ամերիկահայ բանաստեղծ Կարին Անկողինեանի առաջին հատորը՝ «Հայերէն հայքու»-ն: Գիրքը Անկողինեանի 63 հայքուներու հաւաքածոն է՝ սիրոյ, կորստի, քաղաքականութեան եւ ձուլման թեմաներով: Յառաջաբանը գրած է գրքի խմբագիր, ձեւաւորող եւ կողքի հեղինակ Ռուբէն Խաժակը: «Հայերէն հայքու»-ն հրատարակուած է Տիռ պէտ պըքս հրատարակչատան կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի […]

Հայ Դատի Տասնամեայ Գործունէութեան Տեղեկագիր

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց վերջին տասնամեակի (2010-2020) իր ազգանուէր գործունէութեան գլխաւոր իրագործումները համադրող տեղեկագիր մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին Հայաստանին եւ Արցախին զօրակցելու, համայնքը քաղաքականապէս առաւել աշխուժ […]

Հոլանտայէն Աջակցութիւն՝ Հայաստանի Եւ Արցախի Աշակերտներուն

Հոլանտահայ Տաւրոս Ասլանեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ամսթելվեն քաղաքի համալսարանի տնօրինութեան օգնութեամբ՝ Հայաստանի ու Արցախի դպրոցներուն աջակցելու նպատակով՝ ձեռք բերուած է աւելի քան 1700 աշակերտներու համար դպրոցական գոյք եւ մօտաւորապէս 300 համակարգիչ: […]

Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբը 100,000 Տոլար Կը Նուիրէ ՀՕՄ-ի «Թիկունք Կանգնինք Արցախցի Ընտանիքին» Ծրագիրին

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Արցախի Օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները` հասնելու Արցախի կարիքներուն։ Յանձնախումբը Սեպտեմբեր 26 թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը […]

Յունահայութեան՝ Արցախի Համար Մարդասիրական Օգնութեան Երկրորդ Մասը Հասաւ Հայաստան

Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած Ար­ցա­խին հա­մար մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան երկ­րորդ մա­սը ար­դէն հա­սած է ­Հա­յաս­տան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Օր»-ը։ ­Շա­բաթ՝ 9 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց […]

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կը Քննարկէ Նոր Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Ներկայ […]

Հայրապետական Հռչակագիրի Ընթերցում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Թեմերու Եկեղեցիներուն Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ հռչակագրով հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։ Արդարեւ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր […]

Երուսաղեմի Միացեալ Յանձնախումբը Նիւթական Օգնութիւն Կը Տրամադրէ Արցախին

Երուսաղեմի Միացեալ յանձնախումբը միաձայն որոշում ընդունած է Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին շտապօգնութեան մեքենայ գնելու համար հաւաքած 20,434 տոլարը եւ երրորդ փուլով հանգանակուած 21,415 շեկելը տրամադրել Արցախին: Այս մասին Facebook-ի վրայ […]