Հոլանտայէն Աջակցութիւն՝ Հայաստանի Եւ Արցախի Աշակերտներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հոլանտահայ Տաւրոս Ասլանեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ամսթելվեն քաղաքի համալսարանի տնօրինութեան օգնութեամբ՝ Հայաստանի ու Արցախի դպրոցներուն աջակցելու նպատակով՝ ձեռք բերուած է աւելի քան 1700 աշակերտներու համար դպրոցական գոյք եւ մօտաւորապէս 300 համակարգիչ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը։

Նախաձեռնութեան միացած են նաեւ խումբ մը հոլանտացի երիտասարդներ, որոնք կրցած են գոյացնել գոյքերուն փոխադրութեան ծախսը: