Լոյս տեսաւ.- Կարին Անկողինեանի Նոր Հատորը՝ «Հայերէն Հայքու»-ն

Հայաստան, Սփիւռք

Լոյս տեսած է Ամերիկահայ բանաստեղծ Կարին Անկողինեանի առաջին հատորը՝ «Հայերէն հայքու»-ն: Գիրքը Անկողինեանի 63 հայքուներու հաւաքածոն է՝ սիրոյ, կորստի, քաղաքականութեան եւ ձուլման թեմաներով: Յառաջաբանը գրած է գրքի խմբագիր, ձեւաւորող եւ կողքի հեղինակ Ռուբէն Խաժակը:

«Հայերէն հայքու»-ն հրատարակուած է Տիռ պէտ պըքս հրատարակչատան կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի ՆԱՄԷ տպագրատան կողմէ:

Ամերիկածին Կարին Անկողինեանը սկսած է գրել կարճ բանաստեղծութիւններ որպէս ընկերական ցանցերու բառային սահմանափակումներու համապատասխանելու եւ «գրողի պլոք»-ը յաղթահարելու միջոց:

«Շատ յաճախ վերնագրի կամ բացման կամ փակման տողի հիանալի գաղափար մը կ՛ունենայի, բայց դժուար էր ինծի համար սկիզբէն վերջ ամբողջ կտոր մը երեւակայել: Հայքուներ գրելու ժամանակ անդրադարձայ, որ ձեւաչափը շատ յարմար է, իսկ բանաստեղծութեան սկիզբը, մէջտեղը և վերջը միասին բերելը մէկ մտքի մեջ` աւելի դիւրին: Նաեւ յարմար է ներառելու գրական զանազան գործիքներ, ինչպէս յանգաւորում, ասմունք, բառախաղ եւ այլն»:, իր ընթացքի մասին կը պատմէ Անկողինեան: «Երբ 17 վանկերը միատեղուին, արդիւնքը կրնայ շատ պարզ եւ ուղղակի ըլլալ կամ ունենալ բազմաթիւ իմաստներ եւ մեկնաբանութիւններ»:

Կիրակի, 3 Յունուարին տեղի ունեցաւ գրքի աւանդական գինեձօնը Երեւանի մէջ: (ձախէն աջ՝ Ռ. Խաժակ, Կ. Անկողինեան, Գ. Սարգսեան)

Հայքուն ճափոնական բանաստեղծութեան տեսակ մըն է, որ բաղկացած է միայն 17 վանկերէ (5-7-5): Ըստ աւանդութեան, վանկերու այս թիւը ամէնէն յարմարն է մէկ շունչով արտասանելու այդ բանաստեղծութիւնը:

Պատճառներէն մէկը, որ Անկողինեանը որոշած է հրատարակել իր հայքուներու ժողովածուն, հայերէն չտիրապետողներուն այլընտրանք մը տալու համար է: «Անոնք որոնք դեռ լեզուն նոր կը սորվին, ստիպուած են կարդալ մանկական գրքեր ՝ իրենց ընթերցանութեան մակարդակին համապատասխան: Նպատակս դիւրամարս բանաստեղծութիւններ գրել է՝ լեզուն աւելի մատչելի դարձնելու համար նորեկներուն համար:»

«Կարինին հայքուները հարազատ են եւ անկեղծ: Անոր հեգնանքի, չափազանցութեան, ծաղրի եւ բառախաղի նուրբ օգտագործումը բազմաթիւ ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ եւ հաստատուած սահմանները (status quo) կը քննադատէ»:, կ՛ըսէ խմբագիր Ռուբէն Խաժակ: «Հայերէն արտադրող ամերիկածին բանաստեղծի մը յայտնութիւնը այս օրերուն հազուադէպ է: Կարինը ո՛չ միայն արեւմտահայերէն կը գրէ, այլեւ արեւմտահայերէնով կը ստեղծագործէ»:

Կիրակի, 3 Յունուարին տեղի ունեցաւ գրքի աւանդական գինեձօնը Երեւանի մէջ:

«Հայերէն հայքու»-ն կարելի է ստանալ Երեւանի «Զանգակ» եւ «Բուկինիստ» գրախանութներէն, Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» գրախանութէն (նաեւ առցանց՝ http://www.abrilbooks.com/hayeren-hayku.html) ինչպէս նաեւ Պուրճ համուտի (Լիբանան) Համազգային գրախանութէն (Շաղզոյեան շէնք):

Հիմնադրուած 2020 թուականին(առցանց-)Կարին քաղաքին մէջՏիռ պէտ պըքս հրատարակչատունըարեւմտահայերէն գրքեր կը (վերա)հրատարակէ: