Երուսաղեմի Միացեալ Յանձնախումբը Նիւթական Օգնութիւն Կը Տրամադրէ Արցախին

Հայաստան, Սփիւռք

Երուսաղեմի Միացեալ յանձնախումբը միաձայն որոշում ընդունած է Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին շտապօգնութեան մեքենայ գնելու համար հաւաքած 20,434 տոլարը եւ երրորդ փուլով հանգանակուած 21,415 շեկելը տրամադրել Արցախին: Այս մասին Facebook-ի վրայ կատարուած գրառումով յայտնած է Երուսաղեմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան:

Որոշուած է նաեւ Փետրուարին շարունակել դրամահաւաքը եւ հանգանակուած ամբողջ գումարով գարնան ընթացքին Արցախի մէջ ֆինանսաւորել ծրագիր մը: Ծրագիրին ընտրութեան համար յանձնախումբը պիտի գումարէ յաւելեալ ժողով: