Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…. Թամար Թիւֆէնկճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կը Կարդանք. «Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիներ եւս կ’անցնին թշնամիին տիրապետութեան տակ…»:

Երբ որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւն մը  յանկերգի նման կրկնուի, ինքնաբերաբար կը հետեւցնենք, որ «գլխուն գալիք մը կայ», եւ ահա եկաւ «գալիքը»…

«Գլխուն եկած»-էն վերջ, հիմա քիչ մը, քանի մը օր կը խօսինք այդ մասին եւ ապա կը մոռնանք կամ կ’ընդունինք, դժուարութեամբ «կը կլլենք»  եղածը: Արդեօք իւրաքանչիւր  զիջում  այսպէ՞ս պիտի  պարտադրուի մեզի, եւ մենք դժկամելով, բարկութեամբ, անհանգստանալով ու ընբոստանալով՝ վերջապէս պիտի ընդունի՞նք եղածը, այսպէսով ստեղծելու նոր… սովորութիւն մը:

Ինչո՞ւ ազգովին այս կացութեան մէջ դրուած ենք այսօր: Ի՞նչ ձեւով վերջ պիտի տրուի այս իրավիճակին: Ազգային տագնապին դիմաց, ի՞նչ է մեր հաւաքական  պատկերացումը՝ եթէ  ունինք: Իբրեւ դարաւոր պատմութիւն կերտած ազգ, որ ունինք հազարամեակներու արդար պայքարով եւ աշխատանքով ձեռք բերուած հայրենի հող եւ կ’ապրինք անոր շատ փոքր մասին վրայ, նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք պահպանելու մեր իրաւունքները, միաժամանակ գիտակից՝ մեր պարտականութիւններուն:

Այսօր, վտանգուած է մեր երկրի եւ ազգի գոյութիւնը: Արդեօք ի վիճակի՞ ենք ազգի գոյութեան ի խնդիր պայքարելու (տակաւին չենք ըսեր կենաց մահու կռիւ մղելու): Մեր պատասխանատուութեան գիտակի՞ց ենք: Ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգին խորութիւնը ըմբռնելու իմաստութիւնը կամ զգօնութիւնը ունի՞նք: Գիտե՞նք մեր ընելիքը, եւ ո՛չ միայն խօսելիքը: Այս հարցումները դատապարտողի կամ քննադատողի մօտեցումով չենք արձանագրեր, սակայն անյապաղ  պատասխան պահանջող ու հաւաքական զօրաշարժ թելադրող հրամայական են:

Հետեւելով մայր բնութեան, կը նկատենք, թէ անիկա կ’առաջնորդուի արդար օրէնքի մը համապատասխան եւ կ’ուղղուի դէպի կատարեալ հաւասարակշռութիւն ու ճշգրտութիւն: Մարդկային ու ազգային կեանքերն ալ, իբրեւ անբաժան մասնիկները մայր բնութեան՝ կ’ենթարկուին այդ սրբազան օրէնքին: Մեր ազգային կեանքին պատմութեան դաժան երեւոյթները կը կրկնուին, եթէ մենք չենք կրցած զանոնք վերածել ուսանելի դասերու: Միւս կողմէ, իբրեւ ազգ կամ երբեմն հաւաքականութիւն, նոյն տարրական սխալը կը կրկնենք ա՛յն պարագային, երբ չենք անդրադարձած կատարուածին: Այսպէս՝ սերտենք մեր պատմութեան ընթացքին կրկնուող երեւոյթներուն նրբութիւնները: Հոն պիտի գտնենք վրիպած եւ կրկնուած սխալներ եւ ապա՝ առանց առողջ քննադատական- քննարկման փուլեր ու ժամանակաշրջաններ: Շատ արդար է մտածել, արդեօք ուրիշ ազգեր նոյն ընթացքին չե՞ն ենթարկուիր, կամ արդեօք անթերի ու առողջ քննական ընթացքո՞վ կը կերտեն իրենց պատմութեան փառքը: Վստահաբար ո՛չ, սակայն անոնք յաճախ մեզի պէս անդունդի եզրին չեն կանգնած, այսինքն՝ թուրքն անոնց գլխուն վերեւ չէ, կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլար ըսել՝ անոնց թշնամին թուրքը չէ: Հետեւաբար, մեր սխալը տասնապատի՛կ ազդեցութեամբ կը դառնայ կործանարար մեր ազգին համար: Անթոյլատրելի է սխալիլ, երբ կը գտնուինք անդունդի եզրին, իսկ մեր սորված պատմական դասերէն օգտուիլը՝ լրջագոյն հրամայականն է, օրհասական ու աղէտալի պահէն դուրս գալու համար:

Թէեւ բնական է, որ վերջին ծանօթ դէպքերէն ետք ապրինք հիասթափութեան եւ յուսահատական պահեր, բայց երբեք իրաւունք չունինք ընկրկելու ու անձնատուր ըլլալու: Մեր ազգը իր գոյութեան վիպական օրերը շատոնց ապրած է: Դեռահաս մը չէ, որ տարուի զգացական վերիվայրումներով ու խարխափի: Հասուն ու սպիտակահերի տարիք ունինք ազգերու պատմութեան մէջ: Ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ՝ «մեր գլխէն շատ տաք ու պաղ անցած է», հետեւաբար, կարգ մը սխալներ թոյլատրելի չեն մեզի: Կ’ապրինք այնպիսի օրեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրէն, ինչո՞ւ չէ՝ մեր բոլորէն կը պահանջուին կատարեալ ուշադրութիւն եւ իմաստութիւն: Դոյզն անուշադրութիւնն անգամ այսուհետեւ կործանարար է այն պատառիկին համար, որ հարիւրամեակներու զոհողութիւններով ու արիւնով կերտուած ու պահպանուած է:

Ազգային հաւաքական անփութութեան եւ անհեռատեսութեան գինը շատ սուղ վճարեցինք, երբ փորձեցինք բնութեան արդար օրէնքը անտեսել, կամ կարճատեսօրէն՝ շրջանցել: Աչքաթող ըրինք մեր հայրենիքի սրբութիւնները ոտնակոխողներուն աններելի արարքները (չըսելու համար ուրիշ բան): Անգիտակ ու ոչ-մասնագէտ անձնաւորութիւններու յանձնեցինք ճակատագրական որոշումներու պարտականութիւնը: Երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական շահերը մեզի թելադրեցին ըսել՝ «Ինծի ի՛նչ. ի՛նչ կ’ուզեն՝ թող ընեն»:  Այս տրամաբանութիւնը յաճախ իբրեւ լօզունքը գործածեցինք, պատճառաբանելով՝ «Մեր ձեռքէն բան չի գար, թող իրենք մտածեն, պահանջեն, պաշտպանեն…», որովհետեւ կարծէք թէ այս կեցուածքը մեզի ալ ձեռնտու էր…: Իսկապէս որ… Ո՞վ պիտի խանգարէ իր տաքուկ ու ապահով նստավայրը: Հաւաքականօրէն հաշիւ չպահանջեցինք հայ ազգին պատմութիւնը նսեմացնել փորձողներէն: Ազգովին չսաստեցինք Ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն հրաժարողները: Մեղմ եւ սոսկ անհատական արձագանգներու սահմաններուն մէջ պահեցինք կրօնքն ու մշակոյթը նուաստացնողները սանձելու արարքները: Հետեւաբար, պէտք չէ շատ զարմանալ այսօրուան իրավիճակէն: Մեր սնուցածն է, որ հիմա կը վերադառնայ մեզ յօշոտելու: Մեր հաւաքական երէկը մեզ հասցուց այսօրուան վիճակին, ու չենք գիտեր թէ ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ եւ ե՞րբ կանգ պիտի առնէ…:

Խօսի՞նք, եւ ի՞նչ՝ անոնց մասին, որոնք լիովին հաւկուր դարձած են այսօր: Անոնց ազգային խղճին սլաքը շատոնց բթացած է, երբ անոր կողմնացոյցը Թուրքիոյ հետ բաց սահմանի դարպասները ծեծած է՝ ի գին ազգային արժանապատուութեան:

Ո՛չ, ամէն բան մութ չէ, ամէն բան անգոյն պէտք չէ տեսնել: Համոզուած ենք, որ ազգային մտածողութեան բիւրեղացումը հրամայական մըն է, որուն համար բազմամակարդակ եւ բազմակողմանի աշխատանք պէտք է տարուի բոլոր ոլորտներուն եւ մակարդակներու վրայ: Ազգային հաւաքական գիտակցութիւնն ու ազգային ոգին հիմնաքարն են ազգ-հայրենիք տաճարին: Այս արժէքը կարելի չէ հիմնաւորել ազգային սովորական զգացական երեւոյթներու դրսեւորումով, այլ մեր կամքը պէտք է խարսխուած ըլլայ ազգային հետեւողական տեսլականի վրայ, սեւեռած՝ հեռահաս ծրագիրներու եւ նպատակասլաց գործունէութեան ուղեգիծով:

Ազգայինը կրնանք պահել միայն ազգովին…