Category: Աշխարհ
Թրամփ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Առիթով Ուղերձ Յղած է
Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի․ «Այսօր մենք կը միանանք մարդկութեան` յիշատակի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի` 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկուն զոհերուն: Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն` 1915-էն սկսած, տեղահանութիւններուն, կոտորածներուն ու մահուան երթերուն զոհ գացած են […]
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Այս Հողերուն Վրայ եւ Պէտք է Քննարկուի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան համոզուած է, որ անցեալի իրողութիւններու հետ առերեսուելու միակ վայրը այդ երկրի խորհրդարանն է: Ըստ անոր` Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նման թեմայով քննարկումներ պէտք է […]
Արդարութիւնը Միակ Միջոցն Է Աւելի Մարդկային Աշխարհ Մը Կերտելու. Լիբանանի Նախագահի Գրառումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով
Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Twitter-ի իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Առիթով 136 Հալէպահայեր Իրենց Արիւնը Նուիրեցին Սուրիոյ Ժողովուրդին
Կը Յիշենք ու կը պահանջենք: Կը պահանջենք ու կը նուիրենք մեր արիւնը նաեւ մեզ հիւրընկալած օրհնեալ այս երկրին: Հայութեան աշխարհացրիւ բեկորները Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման տարբեր նախաձեռնութիւններով արդարութիւն […]
Թուրքիոյ Այտըն Նահանգին Մէջ 17-րդ Դարի Հայկական Գերեզմաններ Գտած Են
Թուրքիոյ արեւմտեան Այտըն նահանգի Նազիլլի շրջանին մէջ քաղաքային այգիի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին 2 հայկական գերեզման յայտնաբերուած է: Կը նշուի, որ բանուորները տապանաքարերը յայտնաբերած են հողը փորելու ժամանակ: Անոնք այդ մասին […]
Ռուսական Պատկերասփիւռի Կայանը Ցուցադրած Է Արեւմտեան Հայաստանի Քարտեսը. Թրքական Կողմը Արձագանգած Է
Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած է ռուսական «ՆԹՎ Միր» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ Սեւրի դաշնագիրով նախատեսուած Հայաստանի քարտէսի եւ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան ընդունած դրօշի ցուցադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր61» […]
Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկները՝ Առցանց
Թուրքիոյ մէջ, 2010էն ի վեր կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը՝ Ապրիլ 24ին: Այս տարի, համաճարակին պատճառով, անիկա պիտի գործադրուի առցանց, կը գրէ «Ակօս» թերթը։ Թրքական «DurDe» («Ո՛չ ըսէ […]
Կը Քննուի Հայաստանին 25 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Ամերիկեան Նպաստ Տրամադրելու Առաջարկը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով՝ Հայաստանին տրամադրուելիք ամերիկեան օգնութեան ծրարէն 25 միլիոն տոլարը վերադասաւորելով՝ անյապաղ յանձնելու՝ […]
ԱՀ Իշխանութիւնները Պէտք է Լիիրաւ Հիմունքներով Մասնակցին Հակամարտութեան Կարգաւորման Ուղղուած Գործընթացի Բոլոր Փուլերուն. Արցախի Նորընտիր Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը վերահաստատէ, որ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ու լիիրաւ ընդգրկուածութեան, որեւէ արդիւնաւէտ հանգրուանի հնարաւոր չէ հասնիլ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս մասին, […]
Լիբանանի Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարը Հաստատեց, Որ 27 Ապրիլէն Ետք Երեւանէն Լիբանան Պիտի Վերադարձուին Լիբանանցիները
Լիբանանի Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, 21 Ապրիլի երեկոյեան, վարչապետարանին մէջ, վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայութեան գումարուած ժողովին անգամ մը եւս արծարծեց Երեւան գտնուող եւ Լիբանան գալ փափաքող լիբանանցի […]










