Առաւել Քան 30 Ծերակուտականներ Միացան Արցախին Յաւելեալ Աջակցութիւն Պահանջելու Արշաւին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առաւել քան 30 ծերակուտականներ ստորագրեցին Արցախի Հանրապետութեան յաւելեալ աջակցութիւն պահանջող ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ։ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ եւս նման քայլ մը առին։ Նամակին տակ ստորագրած ծերակուտականներուն ցանկը տեսնել՝ http://asbarez.com/193820 կայքէջին վրայ։

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած էր ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն՝ անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն ծերակուտական Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ.  Առ այդ, 10,000էն աւելի դիմումներ կատարուեցան Արցախին զօրակցող քաղաքացիներու կողմէ։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկէն հանել Արցախին վերապահուած նպաստը, որուն կ՛ընդդիմանայ նաեւ Պաքուն։

Ծերակուտական Մենենտեզ նամակին մէջ կը շեշտէ, որ Արցախին պէտք է յատկացուի առնուազն 1․5 միլիոն տոլար՝ իբրեւ մարդասիրական աջակցութիւն, որ պիտի տրամադրուի ականազերծման եւ վերականգնողական կեդրոններուն։ Նաեւ կը նշուի, որ ականազերծման նպատակով տրամադրուող նպաստը պէտք է շարունակուի՝ նկատի ունենալով շրջանի բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորման մէջ անոր կարեւոր դերակատարութիւնը։

Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն նպաստող ամերիկեան մարդասիրական այս արշաւը կ՛իրականացուի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան միջոցաւ։

Մենետեզի նամակը կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/042420_Menendez_Artsakh_Aid.pdf կայքէջին վրայ։

Արցախի Հանրապետութեան աջակցելու նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ծրագիրին կարելի է ծանօթնալ anca.org/anca360 կայքէջին վրայ։