Մուսկարի Ջարդը. Թունուզցի Բանաստեղծը՝ Սերտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թունուզցի նորայայտ բանաստեղծ՝ Գասարա Մոհամէտ, օրեր առաջ ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը գրէր հետեւեալը. «Ես թունուզցի բանաստեղծ եմ, 18 տարեկան, ուսանող։ Կը գրեմ ֆրանսերէն լեզուով։ Կ՝ուզեմ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաստեղծութիւն մը ուղարկել ձեզի։ Նախ եւ առաջ կ՝ուզեմ անսահման համակրանքս յայտնել Հայ Մշակոյթին, հայկական աւանդավէպին հանդէպ, այնքան հմայուած եմ ձեր հրաշալի երկրով, որ կ՝ուզեմ օր մը անպայման այցելել։ Իրականութեան մէջ պատմական այս ողբերգութիւնը այնքան ազդեց վրաս, որ անգիտակցաբար գրիչս վերցուցի եւ սկսայ գրել այդ մասին։ Պարզ է, որ բանաստեղծին դերը նաեւ աշխարհի դատերը պաշտպանելն է, ինչպէս նաեւ դառնալ այն լոյսը, որ կը լուսաւորէ կեանքի մթութիւնը։ Այդ էր պատճառը, որ ես գրեցի այս բանաստեղծութիւնը՝ յայտնելու իմ համերաշխութիւնս Հայ Ժողովուրդին։

Կից կը ներկայացնենք բանաստեղծութեան բնօրինակը եւս.

Յուսաբեկ, մարմնաբեկ կը քալեն անոնք,

Կարծես ոտքեր չունին, բայց կը յառաջանան,

Շուրջը՝ գլուխներ, անտէր յօշոտուած սրտեր,

Կապուած բերաններով, ցցուած աչքերով,

Կը քալեն ակամայ, դէպի եզերքն ամայ՝

Լեցուած վշտէն քարացած հոգիներով:

Արտոյտներն անզօր կը թեւածեն, կը ճչան,

Թափօրը համր ու լուռ չի ալ լսեր,

Այս խեղճ թռչնակներուն մահուան անապատին

Լոկ դիակները կ’արձագանգեն:

Կը շաչէ անխնայ մտրակը կրկի՛ն ու կրկի՛ն,

Անոր հարուածներու դառն համբոյրներով

Հրաժեշտ կու տայ մայրը որդիին,

Կողքի կինը ձոր կը նետուի:

Կարծես մատաղացու՝ իրենց Աստծոյ առջեւ

Մայրը կողովի մէջ զաւակը կը նետէ,

Միւսները ձեւով մը սայլը կը հրեն,

Մահախուճապ երթն այս անձայն շարունակի մէջ:

Խաչի վրայ հայրը՝ փուշէ պսակ հագած,

Որդիները՝ արիւնոտ, ցաքուցրիւ,

Սոխակներու երգը, սարսափէն քարացած,

Հոգեվարքի մէջ է ու կը լսուի հազիւ:

Մէկը կը խուսափի կտտանքներով մահէն,

Անտակ անդունդն է փրկութեան միակ ուղին,

Արիւնախումը յագեցնող ալ արիւն կը ծորայ,

Սովատանջի սնունդն է աւազը դեղին:

Ողբն ու լացը երկնի ամպերուն կը հասնին,

Կեանքը շա՜տ հեռու է ու… գողցուած,

Հրացանը մահուան պատանքներ կը հիւսէ,

Աղերսանքի հանդէպ լուռ է Աստուած:

Անգղերը դարձեալ խորախոր փոսեր կը փորեն,

Եւ աւազի մէջ կը լողան՝ ողջ ու մեռած,

Մահուան այս գորշ ու չոր անապատին մէջ

Անոնք տարտամօրէն դեռ կ’երթան պաղած,

Յածելով դէպի իրենց ճակատագիրն անխոյս»:

Գասարա Մոհամէտ

Յատուկ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար,

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝ Զարմիկ Սարգսեան